ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի յանձնախումբի պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէին Վահրամ Էմմիեան, Սերուժ Աբիքեան եւ Սօսի Սարգիսեան` ընկերակցութեամբ ՀՅԴ Թրիփոլիի «Բերդավայր» կոմիտէի ներկայացուցիչ Վաչէ Հարմանտայեանի, երէկ այցելեց Հիւսիսային Լիբանանի միւֆթի Մալեք Շաարի:
Հանդիպումը առիթ մը եղաւ մարդկային իրաւանց, հանդուրժողականութեան, փոխադարձ յարգանքի սկզբունքներուն շուրջ զրոյցի: Միւֆթի Շաար խօսեցաւ իսլամութեան գլխաւոր սկզբունքներուն, ինչպէս` եղբայրասիրութեան, մարդոց ազատութեան ու հաւասարութեան եւ ողորմածութեան մասին:
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը իր կարգին միւֆթիին խնդրանքով ներկայացուց իր գործունէութիւնը:



