Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տնտեսական Խորհուրդները Կը Ներկայացնեն Իրենց Դիտողութիւնները, Իսկ Պըրրի Խորհրդարանի Դիւանը Պիտի Հրաւիրէ Նիստի

October 4, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան վաղը պիտի այցելէ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի` անոր ներկայացնելու համար 2017-ի պետական ամավարկին մասին ելեւմուտքի խորհրդարանական յանձնախումբին պատրաստած տեղեկագիրը:

Այս շրջագիծին մէջ Պըրրի յայտնեց, որ ինք խորհրդարանի դիւանը պիտի հրաւիրէ նիստի մը` աւելցնելով, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ իր յարաբերութիւնները լաւ են:

Այս առիթով, Պըրրի Տնտեսական խորհուրդներէն պահանջեց տուրքերու օրէնքի փոփոխութեան մասին իր դիտողութիւններն ու առաջարկները ներկայացնել ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլի:

Միւս կողմէ, Տնտեսական խորհուրդները նախանցեալ օր յետմիջօրէին այցելեցին վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ անոր յանձնեցին իրենց դիտողութիւնները բովանդակող գիր մը` տուրքերուն շուրջ կառավարութեան կատարած փոփոխութիւններուն մասին:

Տնտեսական խորհուրդները մերժեցին 45-րդ օրէնքի 17-րդ յօդուածը, որ կը կրկնապատկէ տուրքերը:

Այս առումով Պէյրութի եւ Լեռնալիբանանի Առեւտուրի եւ ճարտարարուեստի պալատի նախագահ Մոհամետ Շքէյր, որ կը գլխաւորէր Տնտեսական խորհուրդներու պատուիրակութիւնը, հարց տուաւ. «Տուրքերը կրկնապատկելու պարագային ո՞վ Լիբանանի մէջ ներդրումներ պիտի կատարէ»:

Ան մաղթեց, որ իրենց դիտողութիւնը նկատի առնուի` աւելցնելով, որ այլապէս իրենք պիտի ստիպուին տուրքերու օրէնքին թիւ 17 յօդուածը վիճարկելու:

Շքէյր նշեց, որ վարչապետ Հարիրի կ՛ըմբռնէ իրենց տեսակէտը, որովհետեւ լաւ գիտէ Լիբանանի տնտեսական կացութիւնը: «Պէտք է բոլորս մտածենք, թէ ինչպէ՛ս կարելի է պահպանել Լիբանանի հաստատութիւնները: Վերջին չորս տարիներուն ընթացքին Լիբանանի մէջ 388 գործարան փակուած է, իսկ լիբանանեան արտածուող արտադրութիւններուն համեմատութիւնը` 30 առ հարիւրով նուազած: Տնտեսական կացութիւնը յաւելեալ բեռ չի կրնար վերցնել: Այսօր մենք կը խօսինք աշխատավարձի յաւելումներու, տուրքերու եւ սեփական մարզին տրուելիք յաւելումներուն մասին: Դէպի ո՞ւր կ՛առաջնորդենք երկիրը», հարց տուաւ Շքէյր` աւելցնելով, որ անկարելի է արտօնել, որ երկրին տնտեսութեան հարուած մը հասնի:

Նշենք, թէ կառավարութիւնը խորհրդարան յղեց օրինագիծ մը, որուն հիման վրայ խորհրդարանէն պահանջեց ուշացնել թիւ 46 օրէնքի, այսինքն` աշխատավարձի յաւելումներուն գործադրութիւնը, մինչեւ որ կարելի ըլլայ վաւերացնել տուրքերը:

Վարչապետ Հարիրի երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց տնտեսական ծրագիր մշակելու պարտականութեամբ կազմուած նախարարական յանձնախումբի նիստին` ներկայութեամբ նախարարներ Մարուան Համատէի, Ժըպրան Պասիլի, Հիւսէյն Հաժ Հասանի, Ղազի Զաայթերի, Ռաէտ Խուրիի, Ժամալ Ժարրահի եւ Սեզար Ապի Խալիլի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ կառավարութեան տնտեսական ապագայ ծրագիրը:

 

Նախորդը

«Համախմբումը Կոչ Կ՛ուղղէ Ներքին Գործոց Նախարարութեան Ընտրութիւնները Կատարելու Ճշդուած Թուականին» Շեշտեց Լայեուն

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Ցաւակցութիւն Յայտնեց Թրամփին Եւ Մաքրոնին

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Իր Տարածքին Վրայ  Ամբողջական Իշխանութեան Տարածման,  Պետութիւնը Իսկական Արժէք Չունի»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Առանց Իր Տարածքին Վրայ Ամբողջական Իշխանութեան Տարածման, Պետութիւնը Իսկական Արժէք Չունի»

October 8, 2026
Սալամ Ստիի Հետ Քննարկեց Ելեկտրականութեան  Մատակարարման Յաւելեալ Կարելիութիւնները
Լիբանանեան

Սալամ Ստիի Հետ Քննարկեց Ելեկտրականութեան Մատակարարման Յաւելեալ Կարելիութիւնները

October 8, 2026
Արաղչի. «Իրան Կը Զօրակցի Լիբանանի Հողերուն  Ամբողջականութեան Եւ Պատրաստ Է  Անոր Կայունութեան Պահպանման Նպաստելու»
Լիբանանեան

Արաղչի. «Իրան Կը Զօրակցի Լիբանանի Հողերուն Ամբողջականութեան Եւ Պատրաստ Է Անոր Կայունութեան Պահպանման Նպաստելու»

October 8, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.