Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի Յորդանան կատարած այցելութիւնը կարեւոր էր այն իմաստով, որ անիկա զօր. Աունի արաբական երկիր կատարած առաջին այցելութիւնն էր:
Յորդանան, որ լիբանանեան բանակին կը տրամադրէ մեծ քանակութեամբ սպառազինում, իր ներդրումը ունեցած է «Բարձունքներու արշալոյսը» գործողութեան ընթացքին բանակին արձանագրած նուաճումներուն մէջ:
Այս շրջագիծին մէջ պէտք է նշել նաեւ, որ Լիբանանի մէջ կան սպաներ, որոնք կ՛ենթարկուին ու կը մասնակցին շարք մը զինուորական վարժանքներու եւ ռազմափորձերու:
Լիբանանի եւ Յորդանանի միջեւ զինուորական յարաբերութիւնները հետզհետէ աւելի կ՛ամրապնդուին` բանակին արձանագրած յաղթանակէն ետք:
Զօր. Աունի Յորդանան կատարած այցելութեան պիտի յաջորդեն լիբանանցի եւ յորդանանցի սպաներուն միջեւ հանդիպումներն ու գործակցութիւնը, որոնց նպատակը պիտի ըլլայ երկու երկիրներուն միջեւ զինուորական եւ ապահովական փորձառութիւններ կիսել, ինչպէս նաեւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու շրջագիծին մէջ գործակցութիւնը ամրապնդել:


