Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վեհափառ Հայրապետը Կը Գնահատէ Շիմշիրեան Եղբայրներուն Յաջողութիւնը` Արուեստի Մարզին Մէջ

October 4, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Չորեքշաբթի, 27 սեպտեմբեր 2017-ի առաւօտուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի մէջ ընդունեց Ալեքս եւ Սեւակ Շիմշիրեան եղբայրները, որոնք եկած էին վեհափառ հայրապետին յայտնելու իրենց որդիական երախտագիտութիւնն ու ստանալու անոր օրհնութիւնը:

Շիմշիրեան եղբայրները Վիեննայի «Ֆոլքսիւնտեմիւզեում Վիեն» ազգագրական թանգարանի մէջ առաջին անգամ ըլլալով, թէ՛ որպէս հայ եւ թէ՛ որպէս լիբանանցի, իրենց մասնակցութիւնը բերած էին սեպտեմբեր 7-10 տեղի ունեցած Միջազգային ժամանակակից արուեստի ցուցահանդէսին «Օթըմն արթ սալոն-Վիեննա 2017» եւ` առաջնութիւն շահած: Անոնց քանդակին թեման էր` «Շերինկ տը հիլինկ», նուիրուած` քաղցկեղէ տառապող եւ անոնց հանդէպ գուրգուրանք ցուցաբերող անձերու: Վեհափառը բարձրօրէն գնահատեց Շիմշիրեան եղբայրները` յիշեցնելով, որ սփիւռքահայ կեանքին մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը յանձնառու կը մնայ հայ արուեստի տարածման եւ կը քաջալերէ բոլոր այն երիտասարդները, որոնք 21-րդ դարու համամարդկային արժէքներու ժխորին մէջ հայկականին կառչած կը մնան եւ նոր ստեղծագործութիւններով կը նպաստեն մեր արժէքներուն առաւել հարստացման:

Նշենք, որ անցնող մայիս 28-ին, վեհափառ հայրապետին ծննդեան 70-ամեակին առիթով, Շիմշիրեան եղբայրները վեհափառ հայրապետին կիսանդրին քանդակեցին ու նուիրեցին կաթողիկոսարանին:

Նախորդը

Կարօ Փայլան Երեւոյթը

Յաջորդը

Տպաւորութիւններ` ԼԵՄ-ի «Արդար Հայրենիք, Հզօր Հայաստան» Բանակումէն

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

May 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.