Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կարօ Փայլան Երեւոյթը

Հոկտեմբեր 4, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Հայաստան-սփիւռք 6-րդ խորհրդաժողովի գլխաւոր երեւոյթներէն մէկը Կարօ Փայլանի ներկայութիւնն էր: Անկախ անոր հանգամանքէն, անոր ներկայութիւնը զանազան առիթներով ոգեւորութիւն եւ ուրախ մթնոլորտ մը ստեղծեց:

Բոլորս ալ քաջ գիտենք անոր խիզախ եւ անկաշկանդ վերաբերմունքը: Բոլորս ալ յուզուած ենք թրքական խորհրդարանին մէջ անոր հետ տեղի ունեցած վերաբերմունքէն: Սակայն խորհրդաժողովի ընթացքին, այս ոգեւորութեան եւ ուրախ մթնոլորտին կողքին, կային նաեւ ըսողներ, որ ի վերջոյ ան Թուրքիոյ պետական գործիչ է: Երկու արտայայտութիւններն ալ զուտ զգացական եւ ծայրայեղ  արտայայտութիւններ ըլլալով հանդերձ, որոշ հանրային կարծիք մը կը ձեւաւորեն:

Այսինքն, առաջին հերթին պէտք չէ մոռնալ, որ Կարօ Փայլանը Թուրքիոյ քաղաքացի է: Հակառակ անոր որ ընդդիմադիր խմբակին կը պատկանի, բայց այսօր բոլորս ալ գիտենք, որ Թուրքիոյ պետական շահերը եւ ժողովրդավարութեան կիրարկումը ինչ հասկացողութեամբ կը կատարուի: Փայլան եւ Ժողովուրդներու դեմոկրատական կացութեան կռիւը հիմնականին մէջ յանուն ժողովրդավարութեան է, ազգերու, փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու պաշտպանութեան համար է:

Ճիշդ չէ այս կացութեան մէջ մեծ ակնկալութիւններ ունենալ Կարօ Փայլանէն: Ճիշդ է սակայն, որ Կարօ Փայլանը Հայաստանի եւ սփիւռքի զօրակցութեամբ անձեռնմխելի մնայ եւ պատուհան մը դառնայ Թուրքիոյ խորհրդարանի ընդդիմադիր խմբակցութիւններու հետ յարաբերութիւններու դուռ բանալու եւ հեռանկարային ծրագիրներու վրայ աշխատանքներ տանելու:

Այսօր քաղաքականութիւնը ո՛չ զգացական` սիրելու կամ  կասկածելու ճիգով կը քալէ, ո՛չ ալ զուտ գործնապաշտ սկզբունքներով:

Ընդհակառա՛կը, շահեկանը եւ հեռանկարայինը տեսնելը անհրաժեշտ է:

Կարօ Փայլան երեւոյթին հետ պէտք է յատուկ ուշադրութեամբ եւ նուրբ ձեւով վարուիլ: Կարօ Փայլանի էութիւնը եւ քաղաքական եւ քաղաքացիական պատկանելիութիւնը լաւապէս պէտք է հասկնանք, որպէսզի ո՛չ յուսախաբ ըլլանք, ո՛չ ալ երազներ հիւսենք:

 

 

Նախորդը

Պատմական. Քորէայի Տագնապին Լոյսին Տակ

Յաջորդը

Վեհափառ Հայրապետը Կը Գնահատէ Շիմշիրեան Եղբայրներուն Յաջողութիւնը` Արուեստի Մարզին Մէջ

RelatedPosts

Դեկտեմբեր 7 – Երկրաշարժի օր չէ միայն, այլ հաշուէտուութեան եւ վերարժեւորումի
Անդրադարձ

Դեկտեմբեր 7 – Երկրաշարժի օր չէ միայն, այլ հաշուէտուութեան եւ վերարժեւորումի

Դեկտեմբեր 8, 2025
ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Անդրադարձ

135-Ամեակ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան

Դեկտեմբեր 8, 2025
Սառա Պայլուզեան (ԽԳ.)  Արան Եւ Սառան
Անդրադարձ

Սառա Պայլուզեան (ԽԳ.) Արան Եւ Սառան

Դեկտեմբեր 8, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?