Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան 2014-2018 Քառամեակի Դ. Լիակազմ Ժողով

October 3, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

23, 24 եւ 25 սեպտեմբեր 2017-ին, Երեւանի մէջ գումարուեցաւ Համազգայինի կեդրոնական վարչութեան 2014-2018 քառամեակի 4-րդ լիակազմ ժողովը:

Առաջին հերթին, ժողովը ունկնդրեց շրջաններու գործունէութեան տեղեկագրական զեկուցումները եւ գոհունակութեամբ հաստատեց, որ Համազգայինի կազմակերպական միաւորներու ցանցը հետզհետէ աճ կ՛արձանագրէ, եւ երիտասարդականացման աշխատանքները յաջող ընթացքի մէջ են: Առոյգ են Հիւսիսային Ամերիկայի երեք շրջաններու եւ Միջին Արեւելքի Շրջանային վարչութիւնները, եւ կ՛աշխատին ժրաջանօրէն. սակայն միւս կողմէ, յաւելեալ կազմակերպական ճիգ եւ ուշադրութիւն կը պահանջեն Եւրոպայի կարգ մը կառոյցները եւ Հարաւային Ամերիկայի շրջանները, որոնց կաղացումներու վերացումը Կեդրոնական վարչութեան օրակարգի կարեւոր խնդիրներէն է` զանոնք կազմակերպ վիճակի հասցնելու համար:

Կրթական խնդիրներու գլխուն տակ, ժողովը զբաղեցաւ Կեդրոնական Վարչութեան հովանիին տակ գործող կրթական հաստատութիւններու վարչական եւ ուսումնական խնդիրներով: Տեղի ունեցաւ Պէյրութի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի, Մարսէյի Ճեմարանի եւ Սիտնիի Արշակ եւ Սօֆի Գոլստըն Ճեմարանի հայեցի դաստիարակութեան խնդիրներու քննութիւնը եւ վարչական աշխատանքներու պարզած պատկերներու ուսումնասիրութիւնը, ընդ որում այդ հաստատութիւններու տնօրէններուն աշխատանքներու գնահատականը եւ պիւտճէական խնդիրներու յառաջիկայ հաւանական զարգացումներու հետեւանքով` դիմագրաւելի կացութեանց նախապատրաստութիւնը: Ապա ժողովը կատարեց Փարիզի Համազգային-Թարգմանչաց վարժարանի ուսումնական թէ վարչական կարիքներու քննութիւնը եւ որոշեց շարունակել իր յանձնառութիւնը այդ հաստատութեան նկատմամբ:

Անդրադառնալով սփիւռքի հայկական վարժարաններուն համար հայերէնի դասաւանդ ապագայ ուսուցիչներու պատրաստութեան ծրագիրին` ժողովը որոշեց յաւելեալ քարոզչական թափ տալ Երեւանի պետական համալսարանին հետ Համազգայինի գործակցութեամբ իրականացուող հայագիտութեան մագիստրոսական եւ դպրոցական վարչագիտութեան ծրագիրներուն: Ժողովը գոհունակութեամբ հաստատեց, որ այս ծրագիրը արդէն իսկ տուած է իր առաջին հունձքը, եւ երկու ուսուցիչներ սկսած են սփիւռքի երկու տարբեր գաղութներու մէջ իրենց ուսուցչական ծառայութեան:

Ժողովը առանձնաբար քննեց նաեւ Համազգայինի այլ հաստատութիւններուն` «Վահէ Սէթեան» տպարանին, հրատարակչատան եւ «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին անցնող տարուան գործունէութեան համարատուութիւնը եւ կարեւոր նկատեց հրատարակչական մարզին մէջ արդիականացման միջոցներու որդեգրման անհրաժեշտութիւնը: Անդրադառնալով «Բագին» գրական հանդէսին` ժողովը իր գոհունակութիւնը յայտնեց խմբագիրին ու խմբագրական խորհուրդին կատարած աշխատանքին եւ երիտասարդներու ներգրաւման ջանքերուն առնչութեամբ, ինչպէս նաեւ անհրաժեշտ նկատեց հրատարակութեան յաւելեալ ծանօթացումը հանրութեան լայն շրջանակներուն:

Կազմակերպական գրասենեակներու օրակարգով, ժողովը քննեց Արցախի մէջ Համազգայինի նորահաստատ գրասենեակի գործունէութեան ծիրը, աշխատանքի հնարաւորութիւնները եւ Արցախի մշակութային կեանքի զարգացման մէջ Համազգայինի դերակատարութեան կարելիութիւնները: Ժողովը որոշեց նմանօրինակ գրասենեակ մը Ջաւախքի մէջ եւս հաստատել: Ինչ կը վերաբերի Պէյրութի եւ Հայաստանի գրասենեակներուն, անոնց գործունէութիւնը գնահատուեցաւ, իսկ Հիւսիսային Ամերիկայի գրասենեակին վերաբերեալ, ժողովը որոշեց յաւելեալ յստակութիւն մտցնել Համազգայինի Հիմնադրամներու կեդրոնական մարմինի գործելաձեւին եւ աշխատանքներուն ծիրին մէջ, որպէսզի արդիւնաւէտ դառնայ Հիւսիսային Ամերիկայի գրասենեակի գործունէութիւնը:

Ելեկտրոնային սարքերով մանկական խաղերու պատրաստութեան աշխատանքներու յաջողութիւնը գնահատելով` որոշուեցաւ ծաւալել աշխատանքը, նոր թափ տալով մանուկներու գործածութեան համար պատրաստուած առարկաներու արտադրութեանց: Ժողովը նաեւ որոշեց հայերէն սորվեցնող մանկական խաղերը անվճար տրամադրել բոլորին` անոնց լայն տարածում տալու առաջադրութեամբ:

Յաջորդաբար քննուեցաւ համացանցային երիտասարդական հարթակի նախապատրաստական աշխատանքներու տեղեկագրութիւնը, ինչպէս նաեւ այդ ծրագիրը փութով երիտասարդութեան տրամադրելի դարձնելու յաջորդ փուլերու ճշդումը:

Վերջապէս, ժողովը երկարօրէն քննարկեց Համազգայինի 90-ամեակի նշման օրակարգը: Խորհրդածելով Համազգայինի տարեդարձը համագաղութային հարթակով տօնակատարելու կարելիութիւններու մասին` ժողովը կայացուց կարգ մը որոշումներ, որոնցմէ են Երեւանի Պետական Համալսարանի հետ գործակցաբար գիտաժողովի մը կազմակերպումը, մշակութային յատուկ ելոյթներու հովանաւորութիւնը կամ կազմակերպումը, Համազգայինի գործունէութեան քարոզչութիւնը կատարելու կոչուած այլեւայլ նախաձեռնութիւններու ծրագրաւորումը, ինչպէս նաեւ Համազգայինի 8-րդ Պատգամաւորական ժողովի կայացումը 18-19-20-21 մայիս 2018-ին, Երեւանի մէջ:

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՅ ԿՐԹԱԿԱՆ ԵՒ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ
ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Պէյրութ, 30 սեպտեմբեր 2017

Նախորդը

Ակնարկ Սեւ Ցուցակի Բաղադրութիւնը Շեշտակի Կ՛երանգաւորուի

Յաջորդը

50 Տարի Առաջ (4 Հոկտեմբեր 1967)

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.