Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հանրի Շալհուպի Անուան Պասքեթպոլի 3-րդ Մրցաշարք. ՀՄԸՄ Տիրացաւ Տիտղոսին` Աւարտականին Յաղթելէ Ետք Պէյրութի (58-50)

October 3, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի, 1 հոկտեմբերին, աւարտեցաւ Հանրի Շալհուպի յիշատակին նուիրուած պասքեթպոլի 3-րդ մրցաշարքը, երբ Շիահի մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ աւարտական ճակատումը` ՀՄԸՄ-ի եւ Պէյրութի խումբերուն  միջեւ:

Նախքան մանրամասնութիւններուն անցնիլը նշենք, որ այս մրցաշարքը եղաւ իւրայատուկ, այն իմաստով, որ մրցումներուն ընթացքին դաշտին վրայ մրցող երկու կազմերուն համակիրները ներկայ եղան թրիպիւններուն վրայ, ինչպէս նաեւ կազմակերպիչ յանձնախումբը իր առաւելագոյնը կատարեց յաջողցնելու համար այս մրցաշարքը: Պէտք է նշել նաեւ, որ կազմակերպիչ յանձնախումբը բառին բուն առումով յաջողեցաւ իր այդ առաքելութեան մէջ` նկատի ունենալով, որ յիշատակելի ոչ մէկ անախորժ դէպք պատահեցաւ:

Այս մրցաշարքին կազմակերպիչ յանձնախումբին նախագահն էր Նետիմ Հաքիմ, որ անցեալին եղած էր Սաժեսի նախագահը, իսկ այժմ Պէյրութի ակումբին նախագահն է:

Ինչ կը վերաբերի աւարտական ճակատումին, ՀՄԸՄ տիրացաւ տիտղոսին, յաղթելէ ետք Պէյրութի` 58-50 արդիւնքով (12-16, 16-10, 12-20 եւ 18-4):

ՀՄԸՄ-ի այս յաղթանակը կերտուեցաւ մրցումին 4-րդ եւ վերջին քորթըրին, երբ անոր մարզիկները նշանակեցին 18 կէտ, մինչ Պէյրութ բաւականացաւ միայն 4 կէտով:

Այստեղ տեղին է նշել սակայն, որ հակառակ իր կրած այս պարտութեան, նոր Ա. դասակարգ բարձրացած Պէյրութ եղաւ այս մրցաշարքին «սեւ նժոյգը» նկատի ունենալով, որ անիկա իր միակ պարտութիւնը կրեց աւարտականին` զօրաւոր ՀՄԸՄ-էն:

Պէյրութ այսպիսով եկաւ փաստելու, որ Լիբանանի պասքեթպոլի ախոյեանութեան 2017-2018 տարեշրջանին պիտի ըլլայ անակնկալներ ստեղծող խումբ մը:

PROFOTO

Աւարտական մրցումէն ետք, Նետիմ Հաքիմ մրցաշարքին տիտղոսը յանձնեց ՀՄԸՄ-ի խմբապետ Սեւակ Քեթենճեանին, իսկ 50 հազար ամերիկեան տոլար արժողութեամբ չեքը` ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Հրայր Խաչատուրեանին:

Իսկ Ժորժ Հանրի Շալհուպ 2-րդ դիրքի տիտղոսը եւ 25 հազար ամերիկեան տոլար արժողութեամբ չեքը յանձնեց Պէյրութի կազմին:

Ինչ կը վերաբերի շաբաթ օր տեղի ունեցած կիսաւարտականի ճակատումներուն, ՀՄԸՄ եկաւ բաւական լաւ դաս մը տալու Շանվիլի կազմին:

Այս մրցումին ՀՄԸՄ եկաւ յուշելու, որ կրնայ իր 10 կէտի ուշացումը վերածել 14 կէտի առաւելութեամբ յաղթանակի մը` 83-69 արդիւնքով (21-26, 18-15, 23-22 եւ 21-6):

Պէտք է նշել, որ վերջին երկու մրցումներուն, ՀՄԸՄ-ի մարզիկները իրենք զիրենք պարտադրեցին եւ տիրական ներկայութիւն մը եղան չորրորդ քորթըրներուն ընթացքին:

Շանվիլի դէմ Ուոլթըր Հոճ նշանակեց 27 կէտ, մինչ Մաքրամ Պըն Ռամատան տապըլ-տապըլ մը իրագործեց (23 կէտ, 17 ռիպաունտ): Նշենք, որ Շանվիլի դէմ փայլեցաւ նաեւ Քարիմ Զէյնուն, որ նշանակեց 3 թրի փոյնթեր:

Իսկ ինչ կը վերաբերի աւարտականին, Ուոլթըր Հոճ նշանակեց 17 կէտ, Մաքրամ Պըն Ռամատան դարձեալ տապըլ-տապըլի հեղինակ դարձաւ (11 կէտ, 11 ռիպաունտ), մինչ Հայկ Կէօքճեան նշանակեց 11 կէտ:

Վերջապէս քաջալերանքի եւ շնորհաւորանքի վերջին խօսքը կ՛երթայ ՀՄԸՄ-ի համակիրներուն, որոնք ամբողջ մրցաշարքին ընթացքին եղան իրենց խումբին կողքին եւ քաջալերեցին զայն` ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին ընկերակցութեամբ, մնալով օրինակելի համակիրներ եւ յուշելով բոլորին, որ պատրաստ են դարձեալ իրենց ներկայութեամբ կանգնելու խումբին կողքին` 2017-2018 տարեշրջանին:

 

Նախորդը

Սփիւռքի Հայկական Դիմագծի Պահպանման Գերխնդիրը Ու Դրա Կրթական Ոլորտի Մարտահրաւէրները

Յաջորդը

Միաբանական Հաւաք` Ս. Աստուածածին Վանքին Մէջ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.