Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Միքաթի յայտնեց, որ Պըրրիի հետ քննարկած է խորհրդարանին գումարելիք օրէնսդրական յաջորդ նիստին վերաբերող մանրամասնութիւններ, յատկապէս տուրքերու օրէնքներուն մասին:
Ան նշեց, որ թէեւ տուրքերու օրէնքներուն վաւերացումը յապաղում արձանագրած է` Սահմանադրական խորհուրդին մօտ ներկայացուած վիճարկումին պատճառով, սակայն տուրքերը լաւապէս սերտելը կարեւոր աշխատանք է, որպէսզի անոնք անարդար չըլլան յատկապէս համեստ դասակարգին համար, ինչպէս նաեւ ապահովեն ելեւմտական իրավիճակի կայունութիւնը:
Միքաթի շեշտեց, որ հակառակ Լիբանանի դիմագրաւած ելեւմտական ծանր իրավիճակին, խորհրդարանը եւ բոլորը յանձնառու են նեցուկ կանգնելու Կեդրոնական դրամատան` ապահովելու համար Լիբանանի տնտեսութիւնը եւ պահպանելու համար լիբանանեան թղթոսկիին արժէքը:
Միքաթի նշեց նաեւ, որ Պըրրիի հետ քննարկած է Լիբանանի որդեգրած չէզոք մնալու քաղաքականութիւնը, որ որդեգրուած էր իր կառավարութեան եւ անոր յաջորդող երկու կառավարութիւններուն կողմէ: «Չէզոք մնալու քաղաքականութիւնը յարմարագոյնն է Լիբանանի համար», ըսաւ Միքաթի` աւելցնելով, որ Լիբանան այլոց հարցերուն կարիք չունի, որովհետեւ անոր դիմագրաւած խնդիրները իրեն բաւարար են:
Պըրրիի այցելուներէն եղան նաեւ երեսփոխան Մոհամետ Սաֆատի եւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ:



