Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի Թուրքիոյ բանակի սպայակոյտի պետ Հուլուսի Աքարի հետ Թեհրանի մէջ հանդիպումի ընթացքին յայտնեց, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի գործընկերութիւնն ու աշխարհագրական սահմաններու պաշտպանութիւնը կարեւոր են շրջանին մէջ անվտանգութեան ու կայունութեան հաստատման համար:
«Քաոսն ու կայունութեան քայքայումը աշխարհագրական սահմաններու որեւէ փոփոխութեան հետեւանքն են», նշեց ան:
Ըստ Ռուհանիի, Իրանն ու Թուրքիան շրջանին մէջ կայունութեան համար աշխատեցան եւ երբ կողք-կողքի կ՛ըլլան, շրջանային հարցերու լուծման մէջ աւելի մեծ ազդեցութիւն կ՛ունենան:
Իրանի նախագահը ըսաւ, որ պէտք է ամրապնդել Իրաքի եւ Սուրիոյ կեդրոնական կառավարութիւնները եւ շեշտը դնել անոնց հողային ամբողջականութեան ու ահաբեկչութեան դէմ պայքարին վրայ:
Ռուհանի յայտնեց, որ երկու երկիրներուն միջեւ քաղաքական ու տնտեսական յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ միջազգային համագործակցութիւնը լաւ մակարդակի վրայ են, եւ հարկ է ամրապնդել զինուորական ու պաշտպանական յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ այդ մարզերուն մէջ փորձառութիւններու փոխանակում կատարել:
Ան յայտնեց, որ Թուրքիան եւ Իրանը կը դիմագրաւեն հասարակաց հարցեր ու ճգնաժամեր, ինչպէս ահաբեկչութիւն եւ անվտանգութեան ու կայունութեան քայքայում, եւ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու ամրապնդումը կը նպաստէ այդ հարցերու լուծման:
Աքար իր կարգին յայտնեց. «Իրանն ու Թուրքիան իբրեւ շրջանին մէջ երկու մեծ պետութիւններ կրնան շրջանին մէջ խաղաղութեան, հանդարտութեան ու կայունութեան հաստատման մէջ ազդեցիկ դերակատարութիւն ունենալ»: Ան աւելցուց, որ Թուրքիան կը յարգէ շրջանին մէջ բոլոր երկիրներուն, ներառեալ Սուրիոյ եւ Իրաքի հողային ամբողջականութիւնը եւ պատրաստ է ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ ամրապնդել բարեկամ երկիրներու հետ, մասնաւորաբար Իրանի հետ գործակցութիւնը:



