Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Թրամփի Ընտրական Արշաւին Նախկին Ղեկավարը Խոստացած Է Թրամփի Եւ Ալիեւի Միջեւ Հանդիպում Կազմակերպել» Կը Գրէ «Փոլիթիքօ»

September 30, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Փոլիթիքօ» կը գրէ, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի նախընտրական քարոզարշաւի նախկին ղեկավար Քորի Լեւանտովսքի Թրամփի հետ կապերու հաշուոյն Ազրպէյճանին առաջարկած է իր ծառայութիւնները:

Կայքը կը գրէ, թէ Լեւանտովսքի 2016-ի ընտրութիւններէն ետք իր համահիմնադրած «Աւենիու Սթրաթըճիզ» լոպիիստական ընկերութենէն հեռանալէն ետք, ըստ երեւոյթին, սկսած է աշխատիլ նոր ընկերութեան հետ` հաւանաբար դրամ շահելով նախագահին հետ իր կապերուն հաշուոյն:

Այս անգամ ան գործունէութիւն ծաւալած է «Թըռնպերի Սոլիուշընզ ԼԼՍ» ընկերութեան հետ: Հակառակ անոր որ Լեւանտովսքի հերքած է ընկերութեան հետ որեւէ կապ ունենալ, կան բազմաթիւ վկայութիւններ, որոնք կը պնդեն հակառակը:

Պարբերականի աղբիւրներուն տուեալներով` ընկերութեան մէջ անոր անունով ելեկտրոնային հասցէ բացուած է, բացի ատկէ, ան այս ամսուան ընթացքին ընկերութեան 2 աշխատակիցի հետ մեկնած է Լեհաստան` ընկերութեան ծառայութիւնները Լեհաստանի կառավարութեան առաջարկելու համար: Կը նշուի, թէ այդ երկու աշխատակիցները աշխատած են նաեւ Լեւանտովսքիի նախկին ընկերութեան համար:

Կայքը կը գրէ, որ «Թըռնպերի Սոլիուշընզ» ընկերութեան հետ իր աշխատանքէն դուրս Լեւանտովսքի նաեւ փորձած է «վաճառել» Թրամփի հետ իր կապերը: Այսպէս, զրոյցին ծանօթ աղբիւրի մը փոխանցումով, Միացեալ Նահանգներու մէջ Ազրպէյճանի դեսպան Էլին Սուլէյմանովի հետ վերջերս տեղի ունեցած զրոյցին ընթացքին Լեւանտովսքի խոստացած է, որ ան կրնայ հանդիպում կազմակերպել Ազրպէյճանի նախագահին եւ Թրամփի միջեւ:

Լեւանտովսքի, սակայն, հերքած է, որ Թրամփի հետ հանդիպում խոստացած է` պատասխանելով. «Ո՛չ, ես օտար երկիրներու համար չեմ աշխատիր, կը ցաւիմ»:

Դեսպանը, իր կարգին, ըսած է, որ տեղեկութիւն չունի, թէ արդեօք Լեւանտովսքի կ՛աշխատի՞ Ազրպէյճանի համար, թէ՞ ոչ:

 

Նախորդը

Վերջին Հեռաձայնը (Հուրիկին Յիշատակին)

Յաջորդը

Ալիեւի Վարչակազմին Դէմ Պատժամիջոցներու Օրինագիծը Մտաւ Քոնկրեսի Օրակարգ

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.