Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ սկսաւ շրջապտոյտի մը, որուն ծիրին մէջ ան երէկ մեկնեցաւ Սէուտական Արաբիա, ընկերակցութեամբ ընկերային հարցերու նախարար Փիեռ Ապու Ասիի:
Անդրադառնալով Ժահժահի Ռիատ կատարած այցելութեան` Թաուհիտ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ կատարեց թուիթըրեան հետեւեալ գրառումը. «Մաղթեմ, որ Սամիր Ժահժահի եւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլի Սէուտական Արաբիա տուած այցելութեան նպատակը երկրին քաղաքական կեանքի փոթորկումը չըլլայ»:



