Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քորէական Թերակղզիին Մէջ Լարուածութիւնը Հասած Է Քորէական Պատերազմի Աւարտէն Ի Վեր Բարձրագոյն Մակարդակին

September 28, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քորէական թերակղզիին մէջ լարուածութիւնը հասած է 1950-1953 թուականներու Քորէական պատերազմի աւարտէն ի վեր բարձրագոյն մակարդակին: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այդ մասին երէկ Սէուլի ձայնասփիւռի կայաններէն մէկուն հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է իշխող Թոպուրօ ժողովրդավարական կուսակցութեան ներկայացուցիչ, խորհրդարանական խմբակցութեան նախկին ղեկավար Ու Սան Խոն:

«Լարուածութիւնը շրջանին մէջ հասած է բարձրագոյն կէտին, տագնապին հաւանականութիւնը այժմ բարձր է` ինչպէս երբեւէ», նշած է ան: Քաղաքական գործիչը ընդգծած է, թէ անհրաժեշտ է կանխարգիլել Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հիւսիսային Քորէայի դէմ ուժի կիրարկումը:

«Եթէ Ուաշինկթըն կանխարգելիչ հարուած հասցնէ Հիւսիսի դէմ, ատիկա պիտի յանգի Հիւսիսային եւ Հարաւային Քորէաներու միջեւ լայնածաւալ պատերազմի: Տագնապը կրնայ չներգրաւել Միացեալ Նահանգներու ցամաքային տարածքը, սակայն աւեր պիտի բերէ Քորէական թերակղզիին», նշած է Ու Սան Խոն:

Նշենք, որ շաբաթ օր ամերիկեան «Պի-1Պի Լանսըր» ռմբաձիգները Ճափոնի Օքինաուա կղզիէն թռիչք կատարած «Էֆ-15Սի Իկըլ» կործանիչներու ընկերակցութեամբ թռիչք կատարած են Հիւսիսային Քորէայի արեւելքը գտնուող ջուրերուն վերեւ, ինչ որ կը նկատուի միջազգային օդային տարածք` այդպիսով հասկցնելով, թէ Ուաշինկթըն Փիոնկիանկը զսպելու համար պատրաստ է զինուորական միջամտութեան:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ երէկ Սպանիոյ վարչապետ Մարիանօ Ռախոյի հետ Սպիտակ տան մէջ տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց. «Մենք ամբողջովին պատրաստ ենք երկրորդ` ոչ գերադասելի տարբերակին: Սակայն եթէ ընտրութիւն կատարենք յօգուտ այդ տարբերակին, ապա ատիկա կործանարար պիտի ըլլայ Հիւսիսային Քորէայի համար: Ատիկա կը կոչուի զինուորական տարբերակ: Եթէ մենք ստիպուած ըլլանք զայն որդեգրել, մենք ատիկա պիտի ընենք»:

Նախորդը

Հովանաւորութեամբ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան. Յուշ-Երեկոյ` Նուիրուած Ժորժ Սարգիսեանի Մահուան 35-ամեակին

Յաջորդը

Սէուտական Արաբիոյ Մէջ Կիներուն Թոյլատրուեցաւ Ինքնաշարժ Վարել

RelatedPosts

Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին  Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»
Միջազգային

Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.