
«Լա լիկա»-ի կազմերէն Վիարէալ պաշտօնանկ ըրաւ խումբին մարզիչը` Ֆրան Էսքրիպան, խումբին արձանագրած բաւական ձախող արդիւնքներուն պատճառով: Անոր հետ միասին իրենց պաշտօնը կորսնցուցին նաեւ անոր օգնականները` Եոսիփ Ալքասեր եւ Խոսէ Մասքարոս:
Վիարէալ, որ նախորդ շաբաթավերջին Կեթաֆէէն 4-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց, այժմ` 6-րդ հանգրուանէն ետք, 7 կէտով կը գրաւէ 14-րդ դիրքը:
Ակումբին պաշտօնական կայքը յայտնեց, որ անոր պաշտօնազրկումէն կարճ ատեն մը ետք խումբին նախկին միջնապահը` 39 տարեկան Խաւիէ Քալիեխան նշանակուեցաւ նոր մարզիչ:
Սպանացի ֆութպոլիստը 1999-էն 2006 ելոյթ ունեցած է խումբին հետ:


