Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ շարունակեց Ֆրանսա կատարած իր պաշտօնական այցելութիւնը` հանդիպումներ ունենալով Ֆրանսայի վարչապետին, Ծերակոյտի նախագահին, նախարարներու, Փարիզի քաղաքապետին եւ Ֆրանսայի մէջ ապրող լիբանանցիներու ներկայացուցիչներուն հետ:
Նախագահ Աուն իր կեցութեան վայրին մէջ անջատ հանդիպումներ ունեցաւ ելեւմուտքի նախարար Պրունօ Լը Մերի եւ արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լոտրիանի հետ:
Հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի օժանդակութեան յատուկ խորհրդաժողովները յաջողցնելու իմաստով Ֆրանսայի ունենալիք առանցքային դերակատարութիւնը, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:
Նախարարներ Լը Մեր եւ Լոտրիան հաստատեցին Ֆրանսայի զօրակցութիւնը Լիբանանին:
Փարիզի Քաղաքապետարանին Մէջ
Ապա նախագահ Աուն ուղղուեցաւ Փարիզի քաղաքապետարան, ուր դիմաւորուեցաւ քաղաքապետ Ան Իտալկոյի կողմէ:
Նախագահ Աուն հանդիպում մը ունեցաւ Իտալկոյի հետ` ներկայութեամբ Լիբանանի Առաջին տիկին Նատիա Աունի:
Հանդիպումէն ետք նախագահ Աուն շեշտեց, որ Փարիզը եւ Պէյրութը գոյատեւող երկու մայրաքաղաքներ են` միաժամանակ բաց ըլլալով ամբողջ աշխարհին: «Կրցած ենք որեւէ այլ երկրէ աւելի քաղաքակրթութիւններու խառնուրդ մը դիմաւորել եւ զանոնք վերածել երկիրը լեցնող հարստութեան: Փարիզ եւ Պէյրութ այսօր մէկ պայքար է, որ կը մղեն. անիկա մեր հաւատացած խաղաղութեան, ազատութեան եւ ժողովրդավարութեան արժէքները պահպանելու պայքարն է», ըսաւ ան:
Նախագահ Աուն ընդգծեց Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու անհրաժեշտութիւնը` աւելցնելով, որ լիբանանեան բանակը կրցած է Լիբանանը ազատագրել ՏԱՀԵՇ-ի տիրապետութենէն: Ան նշեց, որ տնտեսական, կրթական եւ մշակութային բնագաւառներուն մէջ Լիբանանին զօրակցիլը կարեւոր է, որովհետեւ Միջին Արեւելքի եւ աշխարհին մէջ խաղաղութիւն իրականացնելու անոր դերակատարութիւնը հիմնական է:
Իտալկօ իր կարգին յայտնեց, որ ահաբեկիչներուն դէմ իր արձանագրած յաղթանակով Լիբանան կրցած է ամբողջ աշխարհին փոխանցել յստակ պատգամ մը, թէ ահաբեկչութեան դէմ ամբողջական յաղթանակ արձանագրելու յոյսը առկայ է:
«Ոչ մէկ պատերազմ կամ ահաբեկչութիւն կրնայ տապալել Լիբանանը իւրայատուկ դարձնող ազատութեան ոգին», շեշտեց ան:
Լարշէ Կ՛ընդունի Նախագահ Աունը
Ապա նախագահ Աուն այցելեց Ծերակոյտի նախագահ Ժերար Լարշէի, որ հաստատեց, թէ 1986-էն ի վեր նախագահ Աունի հետ բարեկամական յարաբերութիւն ունի եւ իրեն համար իսկական ուրախութիւն է Լիբանանի սահմանադրական հաստատութիւններուն կեանք բերած հանրապետութեան նախագահը ընդունիլ:
Լարշէ ընդգծեց լիբանանեան-ֆրանսական յարաբերութիւններուն կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ երկկողմանի այդ յարաբերութիւնները ամրապնդելու Ծերակոյտին դերակատարութիւնը:
Վարչապետ Ֆիլիփի Մօտ
Երեկոյեան նախագահ Աուն այցելեց նաեւ Մաթինիոնի պալատ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Էտուար Ֆիլիփի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին Ֆիլիփ շեշտեց, որ ֆրանսական կառավարութիւնը պիտի ջանայ գործադրել նախագահ Աունի եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի միջեւ գոյացած համաձայնութիւնը` լիբանանեան-ֆրանսական յարաբերութիւններու ամրապնդումին առումով:
Ֆիլիփ հաստատեց, որ Լիբանանի համար Ֆրանսա մնայուն նեցուկ է եւ ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ անոր հետ տնտեսական գործակցութիւնը բարելաւելու իմաստով:
Ֆիլիփ շեշտեց նաեւ, որ Ֆրանսա կառչած կը մնայ Լիբանանի ապահովական եւ քաղաքական կայունութեան:
Իր կարգին, նախագահ Աուն անհրաժեշտ նկատեց Սուրիոյ տագնապին խաղաղ լուծումը` աւելցնելով, որ Լիբանան երկար չի կրնար սպասել այդ լուծումին, որովհետեւ ան այլեւս կարողութիւն չունի սուրիացի տեղահանուածներուն հետեւանքները հանդուրժելու:
Նախագահ Աուն նշեց նաեւ, որ Լիբանան խաղաղութեան եւ միջազգային բանաձեւերու գործադրութեան ջատագով է, սակայն Իսրայէլ մնայուն կերպով ոտնձգութիւններ կը գործէ լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ եւ հարաւային Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը կը խախտէ:
«Լիբանան կը զօրակցի շրջանին մէջ արդար, ամբողջական եւ մնայուն խաղաղութեան հաստատումին` երաշխաւորելով պաղեստինցի ժողովուրդին իրաւունքները», շեշտեց նախագահ Աուն:
Հանդիպում Լիբանանեան Գաղութի Ներկայացուցիչներուն Հետ
Նախագահ Աունի եւ Ֆրանսայի մէջ լիբանանեան գաղութի ներկայացուցիչներուն միջեւ գիշերը տեղի ունեցաւ հանդիպում-ընթրիք մը, որուն ընթացքին նախագահ Աուն ըսաւ, որ 26 տարուան աշխատանքէ ետք վերադարձած է Ֆրանսա, Լիբանանը խաղաղութեան եւ ապահովական կայունութեան հասցնելէ ետք:
Ան շեշտեց, որ ասիկա կը նկատուի անցնող փուլին իրենց արձանագրած նուաճումը` աւելցնելով, որ իրենք սկսած են լիբանանեան պետութիւնը կերտելու փուլը` պայքարելով փտածութեան դէմ:
Ան մաղթեց, որ Սուրիոյ պատերազմը հասնի իր աւարտին` կոչ ուղղելով լիբանանցիներուն պահպանելու պատգամի երկիր ըլլալու Լիբանանի իրականութիւնը:





