Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Միացեալ Նահանգներ Հիւսիսային Քորէայի Դէմ Պատերազմ Չեն Յայտարարած» Կ՛ըսէ Սպիտակ Տունը

September 27, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներ Հիւսիսային Քորէայի դէմ պատերազմ չեն յայտարարած: ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ այս մասին ըսած է Սպիտակ տան բանբեր Սառա Սենտըրզ:

«Մենք Հիւսիսային Քորէայի դէմ պատերազմ չենք յայտարարած: Իրականութեան մէջ այս կարգի ենթադրութիւնները ուղղակի անհեթեթ են», ըսած է Սենտըրզ:

Յիշեցնենք, որ Հիւսիսային Քորէայի արտաքին գործոց նախարարը մէկ օր առաջ յայտնած էր, թէ Միացեալ Նահանգներ փաստացի պատերազմ յայտարարած են իրենց դէմ, որուն պատճառով Փիոնկիանկ իրաւունք ունի վար առնելու ամերիկեան ռմբաձիգները, նոյնիսկ եթէ անոնք թռիչք կը կատարեն երկրի օդային տարածքէն դուրս:

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Հարաւային Քորէայի արտաքին գործոց նախարար Քան Կեն Հուան, անդրադառնալով Հիւսիսային Քորէայի շուրջ ստեղծուած նախապատերազմական իրավիճակին, ըսած է, որ այդ երկրի դէմ դիւանագիտական քայլերու հաւանականութիւնը տակաւին կը պահպանուի:

«Մեր ամերիկացի գործընկերներուն հետ համակարծիք ենք, որ դիւանագիտութեան համար տակաւին տեղ կայ: Դատելով Հիւսիսային Քորէայի կատարած յայտարարութիւններէն` անոնք տակաւին հիւլէական տէրութիւն չեն դարձած: Սակայն ժամանակը կ՛անցնի, եւ անոնք արագօրէն յառաջ կը շարժին», ըսած է Քան Կեն Հուան` Ուաշինկթընի Միջազգային ու ռազմավարական հետազօտութիւններու կեդրոնին մէջ:

Հարաւային քորէական դիւանագիտութեան պետին համաձայն, միջազգային ընտանիքը պէտք է ապահովէ նախապէս ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ Հիւսիսային Քորէայի դէմ որդեգրուած պատժամիջոցներու իրագործումը:

 

 

Նախորդը

«Կը Մերժենք Քիւրտիստանի Հետ Բանակցութիւններ Կատարել» Կ՛ըսէ Ապատի

Յաջորդը

«Իրաքի Քրտական Մարզի Հանրաքուէն Միակողմանիօրէն Եւ Վիճելի Տարածքներու Մէջ Կատարուեցաւ» Ըսաւ Կութիերես

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.