Թիւրքմենիստանի մայրաքաղաք Աշխապատի մէջ տեղի ունեցող Ասիական 5-րդ խաղերուն, որոնք տեղի կ՛ունենան փակ դաշտերու մէջ, Լիբանան երէկ տիրացաւ այլ մետալի մը եւս, երբ պիլիարի մրցումներուն Ժորժ Լաթիֆ ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը` քառորդ աւարտականին յաղթելէ ետք ֆիլիփինցի իր մրցակիցին:
Ան կիսաւարտականին պարտուելով այլ ֆիլիփինցիէ մը, չկրցաւ արծաթ մետալի տիրանալ կամ պայքարիլ ոսկի մետալի համար:
Այսպիսով, Լիբանան չորսի բարձրացուց իր տիրացած պրոնզ մետալներուն հաշիւը:



