«Տեր Շփիկըլ» կը հաղորդէ, որ Պարսելոնայի նախկին յառաջապահ Նէյմար, որ այժմ մաս կը կազմէ Փարիզ Սեն Ժերմենի, ամսական աշխատավարձ կը ստանայ 3 միլիոն 70 հազար եւրօ:
Ասիկա կը նշանակէ, որ 25 տարեկան ֆութպոլիստին օրականն է 100 հազար եւրօ (եւ քիչ մըն ալ աւելի):
Ան այժմ Փարիզի մերձակայքը վարձած է տուն մը, որուն համար օրական կը վճարէ 14 հազար եւրօ:
Նէյմարի փոխանցման համար մայրաքաղաքի կազմը` Սեն Ժերմեն, քաթալոնական ակումբին վճարեց 222 միլիոն եւրօ:



