«Ի. Էս. Փի. Էն.» կը հաղորդէ, որ նախորդ շաբաթավերջին Ուրուկուէյի ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումները կասեցուեցան` նկատի ունենալով, որ իրաւարարները գործադուլի դիմեցին, որովհետեւ ֆութպոլի համակիրներուն կողմէ իրենց դէմ կ՛արտայայտուին ոչ մարզավայել կեցուածքներ, եւ առիթով մըն ալ իրենց վրայ անոնց կողմէ յարձակում կատարուած է:
Իրաւարարները կոչ ուղղեցին երկրին իշխանութիւններուն, որպէսզի անհրաժեշտ միջոցառումները որդեգրուին, որպէսզի իրենց կեանքերը վտանգի տակ չըլլան:



