Ռուսիոյ կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Օլկա Վասիլեւա պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան կը գտնուի: 25 սեպտեմբերին ան հանդիպում ունեցած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ, որ նշած է, թէ մարդասիրական համագործակցութեան հարցերը, որոնց կարգին` կրթութեան եւ գիտութեան բնագաւառներուն մէջ, կարեւոր տեղ կը գրաւեն հայ-ռուսական ռազմավարական գործընկերութեան օրակարգին վրայ: Սերժ Սարգսեան յոյս յայտնած է, որ նախարարին այցելութիւնը նոր ազդակ պիտի հաղորդէ այդ համագործակցութեան` շեշտելով, որ Հայաստանի մէջ մեծ կարեւորութիւն կու տան կրթական համակարգի զարգացման եւ մասնագէտներու պատրաստութեան:
Նախարար Օլկա Վասիլեւա նշած է, որ կրթութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի բնագաւառներուն մէջ հայ-ռուսական համագործակցութիւնը պատմական խոր արմատներ ունի, այդ իսկ պատճառով, առկայ ամուր հիմքին վրայ աւելի դիւրին է հետեւողականօրէն զայն երկուստեք զարգացնելն ու ընդլայնելը: Ան տեղեկացուցած է այցելութեան ծիրին մէջ իր հայ պաշտօնակիցին հետ ունեցած քննարկման արդիւնքները` ընդգծելով, որ պայմանաւորուածութիւն կնքուած է համագործակցութեան ընդլայնման նպատակով կրթութենէն բացի աշխատանք տանիլ եւ փորձառութեան փոխանակում կատարել ճարտարապետական-արհեստագիտական մասնագիտութիւններու զարգացման ուղղութեամբ:
Մինչ այդ, Ռուսիոյ կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Օլկա Վասիլեւայի գլխաւորած պատուիրակութեան անդամները հանդիպում ունեցած են Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեանի հետ: Անդրադարձ կատարուած է կրթութեան եւ գիտութեան բնագաւառներուն մէջ երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութեան, արծարծուած են հանրակրթութեան եւ բարձրագոյն կրթութեան բնագաւառներուն վերաբերեալ բազմաթիւ հարցեր` շեշտելով, որ արդէն ժամանակն է, որ երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութիւնը խորանայ նաեւ գիտութեան ուղղութեամբ:
Տեսակցութեան ընթացքին նախարար Մկրտչեան դիտել տուած է, որ լուսարձակի տակ առնուած է նաեւ բարձրագոյն կրթութիւնը, Հայաստանի մէջ ռուսական տարբեր համալսարաններու պարագան` կարեւոր նկատելով նպատակային ծրագիրներ իրագործել, որպէսզի Ռուսիոյ մէջ ուսանող հայերը վերադառնան եւ իրենց գիտելիքները ներդրեն Հայաստանի մէջ` համապատասխան գիտական ուղղութիւններով:
Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարը շեշտած է, որ իր ռուս պաշտօնակիցին հետ քննարկած են երկու երկիրներու մանկավարժներու փոխանակման, ռուսաց լեզուի ուսուցիչներու որակաւորման բարձրացման եւ այլ հարցեր: Ըստ անոր, Հայաստանի մէջ գործող ռուսական ուսումնական բարձրագոյն հիմնարկներու մասնաճիւղերուն մէջ ընդհանուր առմամբ կ՛ուսանի աւելի քան 3500 ուսանող. ան աւելցուցած է, որ պէտք է աշխատանք տանիլ, որ այդ թիւը բարձրանայ:
Նշենք, որ Ռուսիոյ կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Օլկա Վասիլեւայի գլխաւորած պատուիրակութիւնը նոյն օրը այցելած է Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր եւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ:



