Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պուխարի. «Ահաբեկչութիւնը Իր Բոլոր Ձեւերով Մերժող Սէուտական Արաբիոյ Կեցուածքը Յստակ Է»

September 26, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սէուտական Արաբիոյ ազգային տօնին 87-ամեակին առիթով «Քեմփինսքի Սամըրլենտ» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն մը, որուն ներկայ գտնուեցան հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի ներկայացուցիչ, նախարար Եաագուպ Սարրաֆ, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Ալի Պեզզի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի ներկայացուցիչ, նախարար Նուհատ Մաշնուք:

Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատան գործավար Ուալիտ պըն Ապտալլա Պուխարի շեշտեց, որ այդ առիթը պատմական է` աւելցնելով, որ Սէուտական Արաբիա ամէն ջանք ի գործ կը դնէ տնտեսապէս եւ արհեստագիտական առումով ինքզինք բարելաւելու եւ երկիրը զարգացնելու:

Պուխարի յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորը եւ սէուտական կառավարութիւնը լուրջ են` համաշխարհային բարգաւաճումին հետ քայլ պահելու եւ իրենց քաղաքացիներուն կարիքները հոգալու: Ան հաստատեց, որ Ռիատ եւ Պէյրութ, ինչպէս նաեւ արաբական մայրաքաղաքներ ականատես եղած են ահաբեկչութեան, որ անարդարօրէն իսլամականութեան կը վերագրուի:

«Սէուտական Արաբիա կոչ կ՛ուղղէ` ահաբեկչութենէ զերծ աշխարհ մը կերտելու: Ահաբեկչութիւնը եւ ծայրայեղութիւնը իրենց բոլոր ձեւերով մերժող Սէուտական Արաբիոյ կեցուածքը յստակ է», ըսաւ ան:

Անդրադառնալով Լիբանանի եւ Սէուտական Արաբիոյ յարաբերութիւններուն` Պուխարի յայտնեց, որ անոնք պատմական են եւ, սէուտական իշխանութիւններուն ցուցմունքներուն համաձայն, կ՛ուղղուին ամրապնդուելու ճամբով:

Պուխարի շեշտեց, որ Սէուտական Արաբիա յանձնառու կը մնայ Լիբանանի ապահովական կայունութեան, ինչպէս նաեւ երկրին զարգացման ու բարգաւաճման:

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Մաշնուք. «Յանձնառու Ենք Կառավարութեան Միասնականութեան, Սակայն Ներկայիս Կատարուածը Քաղաքական Շրջադարձ Է»

RelatedPosts

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու  Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի  Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»

November 2, 2026
«Նախագահի Ընտրութեան Խնդիրը Անոր  Ինքնութեան Շուրջ Է, Եւ Առանց Ազգային Ինքնութեան  Կշիռ Ունեցող Նախագահ Մը Կարելի Չէ Ընդունիլ»  Կ՛ըսէ Շէյխ Քապալան
Լիբանանեան

Շէյխ Քապալան. «Լուծումը Ժողովրդային Լայնածաւալ Բողոքի Մէջ Է` Պատասխանատուութեան Ենթարկելու Լիբանանի Գոյութեան Սպառնացող Խմբակը»

November 2, 2026
Անդրադառնալով Տահր Պայտարի  Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին`  Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է  Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»
Լիբանանեան

Անդրադառնալով Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին` Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.