Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փայտէ Հեքիաթին Յայտնութիւնը

September 26, 2017
| Արուեստ - Մշակոյթ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՌՈՊԵՐԹ ԱՌԱՔԵԼԵԱՆ

Երեանի ամէնէն կարճ փողոցը Լէոյին անունը կը կրէ: Ժամանակին այդ փողոցին վրայ կը գտնուէր  Փ. Թերլեմեզեանի անուան գեղարուեստի ուսումնարանը: Լէոյի փողոցէն անցած են անուանի գեղանկարիչներ, քանդակագործներ, դերասաններ, երաժիշտներ, արուեստաբաններ…

Այսօր այդ փողոցին հին ու գողտրիկ տուներէն մէկուն մեջ իր ընտանիքին հետ կը բնակի Համազգայինի «Սօս Սարգսեան»-ի անուան թատրոնի վաստակաշատ դերասան եւ բեմադրիչ Սերգէյ Թովմասեանը: Բնակարանը իւրօրինակ ցուցասրահ մըն է, իսկ խոհանոցը` փոքրիկ արուեստանոց, ուր կը ստեղծուի արուեստագետին իւրօրինակ  ու զարմանահրաշ աշխարհը: Արուեստը կը սնանի կեանքէն, իսկ կեանքի օրէնքները այլազան են աշխարհի քարտէսներուն վրայ:

1960-ականներուն Խորհրդային Հայաստանի մեջ լոյս տեսաւ Ն. Սմելեաքովի  «Գործարար Ամերիկա»  գիրքը, ուր կը նկարագրուէր, թէ ինչպէ՛ս այդ երկրին մեջ թափօնները կը վերամշակուին` դառնալով նոր արժէքներ: Ընթերցողներու զարմանքն ու հիացումը թշնամի երկրի մասին` խորհրդային իշխանաւորները ստիպեցին ետ հաւաքել եւ այրել այդ գիրքերը:

Աշխարհի վրայ ոչինչ յաւերժական է, եւ չկայ բացարձակ ճշմարտութիւն: Ժամանակի աճպարար հողմը երէկուան ճշմարտութիւնը կրնայ այսօր իբրեւ սուտ հրամցնել, սուտը վերափոխել ճշմարտութեան, սակայն աշխարհի քիչ մը ծուռ, բայց հաստատուն առանցքը կը մնայ անսասան:

Տարիներ առաջ, արդէն ազատ, անկախ Հայաստանի քաղաքացի, անուանի  դերասան Սերգէյ Թովմասեանը Միացեալ Նահանգներու մեջ բացայայտում մը կը կատարէ. «Ես տեսայ, թէ ինչպէ՛ս մարդիկ անխնայ ձեւով կը թափեն իրենց տան փայտեայ կարասիները: Կարծես լսեցի նետուած փայտերու աղերսը, միտք մը յղացաւ` հաւաքել, նոր շունչ մը հաղորդել այդ փայտերուն, նոր բան մը ստեղծել: Կարծես ինչ-որ ուժ կ’առաջնորդէր զիս: Առաջին աշխատանքս կոչեցի «Համբոյր» եւ նուիրեցի ընկերներուս` Ասփրամին եւ Արթուրին: Ամուսինները ցնցուած էին, ես ալ զարմացած էի իմ իսկ ստեղծագործութեան վրայ:  Յետոյ հասկցայ, որ մարդկային հնարաւորութիւններն անսահման են, փայտինը`  նոյնպէս: Փայտը միայն այրելով չէ, որ ջերմութիւն կու տայ, անոր մէջ այլ ջերմութիւն ալ կայ` հոգեկանը: Վերադառնալով Հայաստան, բեմին զուգահեռ, ես նուիրուեցայ փայտարուեստին»,  կը պատմէ անուանի արուեստագետը, ապա կը խոստոովանի, որ զինք քաջալերողը եղած է իր կինը` տաղանդաշատ  բեմադրիչ եւ դերասանուհի Նարինէ Գրիգորեանը: Արուեստագէտներու տաքուկ այս ընտանիքը իսկական օրինակ մըն է, որ կը մերժէ «կա՛մ արուեստ, կա՛մ ընտանիք» կարծրատիպը:

Դերասան Սերգեյ Թովմասեանը նոր հայեացքով կը սկսի ընկալել զինք շրջապատող աշխարհը: Ան ծառին մէջ հոգի կը տեսնէ, բնաւորութիւն, փայտին մէջ` հնազանդութիւն եւ յաւերժանալու կամք: Փայտեայ թափօնները արուեստագէտին ձեռքին տակ կը սկսին նոր կեանք ստանալ: Արուեստագէտը աշխատելու ընթացքին կը զրուցէ փայտին հետ, իսկ փայտը անոր ձեռքերուն տակ կը վերածուի կեանքէն ու զանազան հեքիաթներէն առնուած այլազան կերպարներու, արուեստի եզակի ու անկրկնելի ստեղծագործութիւններու: Ոստերը կը դառնան սիրտ, աչք ու ականջ, կեղեւը` վարսեր, գիծերը` արցունք, ժպիտ կամ կեանքի ուղի: Յաճախ փայտին կ’ընկերանան մետաղը և պարանը: Սերգեյ Թովմասեանը ունեցած է հինգ անհատական ցուցահանդէսներ` Հայաստանի, Արցախի, Նորվեկիոյ, Սպանիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու մեջ: Ընկերները, շրջապատող մարդիկ շարունակ թափօններ կը հասցնեն արուեստագէտին` ակնկալելով փայտի վերածնունդը, իբրեւ արուեստի նորանոր գլուխ գործոցներ: Մինչ ժամավաճառ կ’ըլլայինք ճշդելու համար արուեստի այդ տեսակի ուղղութիւնը, Հայաստանի Հանրապետութեան վաստակաւոր դերասան Արմէն Բարսեղեանը Սերգեյին գործերը կ’անուանէ փայտեայ հարթաքանդակներ, ուրիշ մը, բաւարար չնկատելով, կ’աւելցնէ` քնարերգութիւն, մէկ ուրիշը` տեսանելի երաժշտութիւն, ապա` շարժում, կարօտ, նուիրում….

Այս է իսկական արուեստը, եւ իւրաքանչիւր ոք երեւոյթի մէջ կը յայտնաբերէ իրեն հարազատ խորհուրդը: «Սէր,- կ’ամփոփէ արուեստագէտը»,- կը սիրես` առանց գիտնալու այդ սիրոյ պատճառը, իսկ սէրէն միայն լոյս կը ծնի»: Այո՛, սէր հայրենիքի, բնութեան, ծնողքի, կնոջ, զաւակի, ընկերոջ, մասնագիտութեան եւ ընդհանրապէս կեանքի հանդէպ: Այսպէս պէտք է ապրի մարդը: Սերգեյ Թովմասեան արուեստագէտին կարծիքով, երբեք պէտք չէ ընճուիլ: Կեանքի դժուարին ճանապարհին, երբ բոլոր դուռերը կը գոցուին, Աստուած այլ դուռ մը կը բանայ: Կեանքը տրուած է ապրելու համար: Տրտնջալու փոխարէն` կարելի է յուսալ, շարժել երեւակայութիւնը, նոր ուղիներ փնտռել, տոկալ, եւ հեքիաթը շուտով կը յայտնուի քեզ, առիթ ընծայելով զայն պատմելու բոլորին` բեմէն կամ փայտի միջոցով: Ի՛նչ տարբերութիւն, հեքիաթը հեքիաթ է…..

Երեւան

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (26 Սեպտեմբեր 1967)

Յաջորդը

Ժորժ Սարգիսեանի Մահուան 35-ամեակ – 4 Հատորներու Շնորհահանդէս

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

«Գայեանէ» Պալէի Դպրոցի «Մարդուկ Ջարդուկ»-ը

January 19, 2026
Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Կանացի Աչքերով Զ.

January 12, 2026
Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Աղբակոյտը` Ապաստան (Բ.)

November 5, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.