Լիբանանի ֆութպոլի Ա. եւ Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի մրցումները կատարուեցան շաբաթավերջին:
ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը, որ Ահտի դաշտին վրայ մրցեցաւ Իժթիմահիի դէմ, արձանագրեց տարեշրջանի իր առաջին յաղթանակը` 1-0 արդիւնքով:
ՀՄԸՄ-ի եւ մրցումին միակ կոլը նշանակեց հայրենի ֆութպոլիստ Գէորգ Օհանեան` փենալթիով:
3-րդ հանգրուանին ՀՄԸՄ-ի մրցակիցը պիտի ըլլայ Նասեր Պար Էլիաս:
Այլ մրցումներու ընթացքին, Սաժես 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Մապարրայէն` Սաֆայի դաշտին վրայ:
Միւս կողմէ, Նասեր Պար Էլիաս արձանագրեց իր երկրորդ յաջորդական յաղթանակը` 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Շապապ Մաժտալ Այնճարը:
Սուրի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ, Շապապ Սահել 3-2 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ամալ Մաարաքէն: Յաղթական կազմին մարզիկներէն սուրիացի Զաքարիա Օմարի հեթրիք մը իրագործեց:
Իսկ Քֆարժոզի մէջ տեղի ունեցած Ահլի Նապաթիէ – Ահլի Սայտա մրցումը աւարտեցաւ 1-1 հաւասարութեամբ:
Վերջապէս, Պըրժ 3-1 արդիւնքով յաղթեց Շապապ Ղազիէին:
Ինչ կը վերաբերի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան, Նըժմէ 1-0 արդիւնքով դժուար յաղթանակ մը արձանագրեց Ախա Ահլի Ալէյի դէմ, մինչ Ռասինկ – Անսար մրցումը աւարտեցաւ 1-1 հաւասարութեամբ: Իսկ Սաֆա – Շապապ Արապի մրցումը աւարտեցաւ առանց կոլի` 0-0 հաւասարութեամբ:
Թրիփոլի պարտութենէ մը փրկուեցաւ, երբ Իսլահ Պըրժ Շիմալիի դէմ տեղի ունեցած մրցումին, 94-րդ վայրկեանին նշանակեց իր հաւասարութեան կոլը (1-1):



