Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հաւատադրժողական Յարձակումներուն Դէմ Դնելը Մեր Ազգային Եւ Կրօնական Պարտականութիւնն Է» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

September 25, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա Աշուրայի առիթով կազմակերպուած սուգի երեկոյի մը ընթացքին արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը` շեշտելով, որ Իսրայէլի դէմ պայքարը կը մարմնաւորէ ազգային, արաբական եւ շրջանային շահեր իրականացնող Աստուածային պարտականութիւնը: «Մեծ զոհողութիւններէ ետք, Դիմադրութիւնը կրցաւ վերջ տալ իսրայէլեան բռնագրաւումին, ձախողեցնել Լիբանանի մէջ Իսրայէլի ծրագիրն ու շրջանին մէջ Մեծն Իսրայէլի մը կերտումը», հաստատեց ան:

Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ եթէ Դիմադրութիւնը գոյութիւն չունենար, ապա Իսրայէլ կը տիրէր Լիբանանին եւ անոր բնական կազին ու նաւթին: «Այն նաւթն ու կազը, զորս երկրին իշխանութիւնները չեն գիտեր ինչպէս արտահանել, Իսրայէլ կարողութիւնը կ՛ունենար արտահանելու եւ գողնալու: Այս բոլորին կողքին լիբանանցիներուն մեծ մասը պիտի ապրէր իբրեւ գաղթական` վրաններու տակ», ըսաւ ան:

Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց Իսրայէլի դէմ պայքարելու կարեւորութիւնը` աւելցնելով, որ վերջերս շրջանը վկայ դարձաւ կոյր եւ խուլ սադրանքներու, որոնք եկան Քայիտայի, ՏԱՀԵՇ-ի եւ Ժապհաթ Նուսրայի հաւատադրժողական յարձակումներուն ընդմէջէն:

Ան շեշտեց, որ հաւատադրժողական խմբաւորումներուն հիմնական զօրակիցները Միացեալ Նահանգներն ու Իսրայէլն են` ընդգծելով, որ հաւատադրժողական յարձակումներուն

դէմ դնելը իրենց համար ազգային եւ կրօնական պարտականութիւն է:

Նախորդը

Զօր. Աուն Այցելեց Նաքուրա

Յաջորդը

Հարիրի Շնորհաւորեց Սէուտական Արաբիան

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.