Հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Զայթեր երէկ դարձեալ այցելեց Դամասկոս` շարունակելու համար երկու երկիրներուն միջեւ երկրագործական մարզին վերաբերող համաձայնագիրները ստորագրելու հոլովոյթը:
Այս շրջագիծին մէջ Զաայթեր Սուրիոյ ներքին առեւտուրի նախարար Ապտալլա Ղարպիի հետ ստորագրեց լիբանանեան արտադրութիւնները արտածելու յատուկ համաձայնագիրներ, որոնց մաս կը կազմեն պանանի եւ գետնախնձորի արտադրութիւններուն, ինչպէս նաեւ մսեղէնի արտածումին վերաբերող համաձայնագիրները:
Ղարպիի հետ համաձայնութիւն գոյացաւ տարանցումը աշխուժացնելու հոլովոյթը դիւրացնելու:
Հանդիպումին ընթացքին Զաայթեր եւ Ղարպի ընդգծեցին երկկողմանի յարաբերութիւնները ամուր պահելու կարեւորութիւնը:


