Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Իսլամական նոր տարուան առիթով յայտնեց, որ քանի մը ամիս ետք տեղի պիտի ունենան երեսփոխանական ընտրութիւններ` աւելցնելով, որ այդ ընտրութիւններուն կայացման շուրջ կան կասկածներ, որոնք վնասակար են:
«Լիբանան դաւադրութեան ծուղակը չէ ինկած եւ պիտի չիյնայ: Մեր քաջ բանակը փաստեց, որ ինք կարողութիւն ունի ահաբեկչութիւնը տապալելու եւ Լիբանան հայրենիքին ու լիբանանցի քաղաքացիին ապահովութիւնը վտանգի ենթարկող որեւէ քայլի դէմ պայքարելու», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ բանակը պէտք է միշտ պատրաստ ըլլայ ո՛չ միայն ահաբեկչութեան, այլեւ` թշնամի Իսրայէլին դէմ պայքարելու:


