Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ բանբեր Դաւիթ Բաբայեան մեկնաբանած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի` Հայաստան-Սփիւռք համահայկական համաժողովի ծիրին մէջ կատարած յայտարարութիւնը` ղարաբաղեան տագնապի լուծման եւ տարածքներուն վերաբերեալ` առանցքային նկատելով անվտանգութեան խնդիրը:
«Նախ եւ առաջ խօսինք այն մասին, որ այդ յայտարարութեան կարեւորագոյն խորքային իմաստը այն է, որ անվտանգութիւնը ամէնէն առանցքային բաղադրամասն է: Աւելի ճիշդ պիտի ըլլար խօսիլ ոչ թէ տարածքներու, այլ սահմաններու մասին: Անոնք քիչ մը տարբեր երեւոյթներ են, որովհետեւ չես գիտեր` ինչո՛ւ, սահմաններու հարցը քննարկելով կամ խօսելով անոնց մասին` միշտ հարցը կը դիտարկեն ներկայիս Արցախի Հանրապետութեան նկատմամբ Ազրպէյճանի յաւակնութիւններուն ներքեւ: Շատ կարեւոր է, որ հիմնական շեշտը կը դրուի անվտանգութեան խնդիրներուն վրայ, եւ ամբողջ աշխարհին համար հասկնալի է, որ այդ հարցը կարեւորագոյնն է, քանի որ մենք միշտ ըսած ենք, որ չկայ վերադարձ անցեալին` թէ՛ սահմաններու, թէ՛ կարգավիճակի առումով: Մեր այս մօտեցման հիմքը կը հանդիսանայ անվտանգութեան բաղադրամասը», շեշտած է Դաւիթ Բաբայեան:
Ան շեշտած է, որ ինքնին Ազրպէյճանը ստիպած է, որ սահմանները փոխուին, եւ մինչեւ հիմա չի հրաժարիր իր հայատեաց քաղաքականութենէն:
«Հետեւաբար, մենք երբեք թոյլ պիտի չտանք, որ մեր պետութիւնը յայտնուի այնպիսի վիճակի մը մէջ, որ անվտանգութեան գէթ մէկ բաղադրամաս կասկածի տակ ըլլայ: Այդ պարագային հակառակորդը անմիջապէս պիտի օգտուի առիթէն եւ պիտի յարձակի մեր վրայ: Այս տեսանկիւնէն նորէն կ՛ուզենք կարեւոր նկատել Քարվաճառ գետը: Այդտեղ սկիզբ կ՛առնէ նախկին ԼՂԻՄ-ի ջրային պաշարներուն 85 տոկոսը, Արփա եւ Որոտան գետերը, որոնք Սեւանայ լիճը կը փրկեն կործանումէ: Ազրպէյճան ունի ջրային ահաբեկչութեան հարուստ փորձառութիւն, խորհրդային տարիներուն կը թունաւորէր Արցախի ջուրերը: Մենք պէտք է հաշուի առնենք, որ եթէ վաղը անոնք վերահսկողութիւն ստանան այդ տարածքներուն վրայ, մեր ջրային պաշարներուն մէջ պիտի նետեն շողարձակ նիւթեր, եւ միջուկային թափօններ, իսկ յետոյ պիտի ըսեն` դուք ըրած էք: Եթէ նոյնը ըլլայ Սեւանի հետ, թունաւորուին Արփա եւ Որոտան գետերը, Հայաստանը ամբողջովին պիտի թունաւորուի», եզրափակած է ան:


