Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեանի համար անհասկնալի է Արցախի տագնապի լուծման վերաբերեալ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի յայտարարութեան շուրջ ստեղծուած իրարանցումը:
Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ համաժողովի մասնակիցներէն մէկը Շաւարշ Քոչարեանին հարցուցած է, թէ նախարար Նալբանդեան խօսած է ո՛ր տարածքներուն մասին, որոնք սպառնալիք չեն Արցախի համար:
«Նախարարը ներկայացուցած է այն, որ բազմիցս հրապարակուած է: Այսինքն` 3 համանախագահող երկիրներուն յայտարարութիւնները, ուր բացայայտուած են միջնորդներուն կողմէ առաջարկուող կարգաւորման տարրերը: Մինչ այդ յիշատակելով ապրիլեան պատերազմը` երկու բան նշած է. այն, ինչ որ կը վերաբերի միջանցքին, որ մենք առանց այդ ալ գիտէինք, որ ատիկա կայ, նշուած է` այդ միջանցքը պէտք է այնպիսին ըլլայ, որ անվտանգ եւ յուսալի ըլլայ, որ որեւէ զէնքի համար հասանելի չըլլայ: Երկրորդ` եթէ խօսքը կը վերաբերի տարածքներուն, ապա պէտք է անպայման ապահովուի այն պայմանը, որ ատիկա չի վտանգեր Արցախի բազմաշերտ անվտանգութիւնը: Այսինքն` այն, որ երէկ ըսուած է, ընդամէնը նշաձողը բարձրացուած է, եղածին վրայ դրուած է նոր երկու պահանջ, ընդամէնը», բացատրած է Շաւարշ Քոչարեան:
Քոչարեան հաստատած է. «Ոչ ոք ոչ ոքի ոչ մէկ տարածք կու տայ: Այն փաթեթը, զոր մեզի ներկայացուցած էին միջնորդները, անոր երկու տարրերուն նկատմամբ նախարարը բարձրացուցած է պահանջները: Չես հասկնար` ինչո՞ւ ատիկա այդպիսի իրարանցում յառաջացուցած է: Աւելի՛ն, խօսքը կը վերաբերի փաթեթին: Յիշենք նաեւ այն հանգամանքը, որ այսօր մենք կը գտնուինք այնպիսի փուլի մը մէջ, երբ եղած են Վիեննայի, Ս. Փեթերսպուրկի համաձայնութիւններ, եւ այդ համաձայնութիւններուն էութիւնը հետեւեալն է` ընդհանրապէս բանակցային հոլովոյթին մէջ կարելի չէ ըլլայ յառաջընթաց, եթէ չկայ վստահութիւն կողմերուն միջեւ: Այսինքն` եթէ կը կրակեն, կը սադրեն, չկան հետաքննութեան մեքանիզմներ եւ այլն: Աւելի՛ն, ինչ որ նաեւ երէկ ըսաւ նախարարը` յառաջընթաց չի կրնար արձանագրուիլ առանց Արցախի մասնակցութեան: Ա՛յս էր ըսուածը», եզրափակած է արտաքին գործոց փոխնախարարը:


