Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ երէկ յայտնեց, որ «Բարձունքներու արշալոյսը» եւ «Ուային օտթոմ օտնա» գործողութիւններուն արձանագրած յաջողութիւնը բոլոր կասկածողներուն փաստեց, որ Լիբանան ունի ազգային դիմադրողականութիւն մը, որ կը մարմնաւորուի Բանակ, Ժողովուրդ, Դիմադրութիւն եռեակ տարազով:
Ռաատ յայտնեց, որ այս տարազին շնորհիւ է, որ Լիբանան յաղթանակ արձանագրեց:
«Ո՛վ որ կ՛ուզէ այդ տարազը ձախողեցնել, ուրեմն կը փափաքի անոր դիմադրողականութիւնը հարուածել եւ Լիբանանի ազգային գերիշխանութիւնը տկարացնել: Նոյն այդ կողմերն են, որոնք կը մերժեն լիբանանեան բանակին զինումն ու հզօրացումը, ինչպէս նաեւ` Դիմադրութեան գոյատեւումը», շեշտեց ան:
Ռաատ հաստատեց, որ այդ տարազին արձանագրած ռազմավարական յաջողութիւնները չեն արտօներ, որ ոեւէ մէկը կասկածի տակ առնէ այդ տարազին ուժը, այլ` կ՛ընդգծեն անոր կառչած մնալու անհրաժեշտութիւնը` երկրէն հեռացնելու համար վտանգներն ու դիմադրելու բոլոր մարտահրաւէրներուն:
Ռաատ հաստատեց, որ Դիմադրութիւնը չի փոխարիներ բանակը, այլ նեցուկ կը կանգնի անոր` ստանձնելով բանակին ազգային, մարդկային եւ բարոյական պարտականութիւնները, այլ խօսքով` վտանգներէն պաշտպանելով հայրենիքը:


