Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ նախագահեց Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի նիստին, որուն աւարտին տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, թէ պլոքը անհրաժեշտ կը նկատէ ընտրութիւններուն մասնակցող քաղաքացիներու անուններուն արձանագրութիւնը` նկատի ունենալով, որ այդ հոլովոյթը պիտի դիւրացնէ երեսփոխանական ընտրութիւններուն կազմակերպումը:
«Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքը համաձայն է երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարելու կենսաչափական անձնաթուղթին հիման վրայ եւ կարեւոր կը նկատէ այդ դրութիւնը: Սակայն ինչո՞ւ կենսաչափական անձնաթուղթերու պատրաստութեան համար նուազուրդ չի յայտարարուիր եւ այդ աշխատանքը կը վստահուի այս կամ այն ընկերութեան` այդ աշխատելաոճին վերաբերեալ ստեղծելով կասկածներ», հարց տուաւ Պըրրի:
Ան նշեց, որ նկատի ունենալով կենսաչափական անձնաթուղթով քուէարկելու կարեւորութիւնը, ներքին գործոց նախարարութիւնը արդէն իսկ պէտք է սկսի այդ անձնաթուղթերը հրապարակելու, մանաւանդ որ միջին հաշուով ամսական պէտք է ըլլայ մէկ միլիոն անձնաթուղթ:
«Մենք այդ աշխատանքը բաւական դժուար կը գտնենք, չըսելու համար անկարելի: Հետեւաբար կանխարգիլելու համար խորհրդարանի պաշտօնավարութեան յաւելեալ երկարաձգումի հաւանականութիւնը, պլոքը առաջադրեց օրինագիծ մը, որուն հիման վրայ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան նստաշրջանը կ՛աւարտի մինչեւ տարեվերջ», շեշտեց Պըրրի` աւելցնելով, որ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան նստաշրջանը յառաջաձգելու օրինագիծը խորհրդարանին պիտի յանձնուի յաջորդ լիագումարին համար եւ ոչ թէ այսօրուան:
«Ազատագրում եւ բարգաւաճում պլոքը կ՛ողջունէ միջպաղեստինեան միասնականութիւնը, որ թշնամի Իսրայէլի դէմ պայքարելու լաւագոյն եւ հզօրագոյն զէնքն է», շեշտեց Պըրրի:
Այն Թինէի այցելուներէն եղաւ Թաուհիտ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երեսփոխանական ընտրութիւնները` ընդգծելով այդ ընտրութիւններուն կայացման կարեւորութիւնը ընտրական նոր օրէնքին հիման վրայ:
«Մենք կառչած կը մնանք երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշգրիտ թուականին կատարելու սկզբունքին եւ կը մերժենք ընտրական օրէնքը բարեփոխումի ենթարկել», ըսաւ Ուահապ:
Նշենք, որ Պըրրիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Հիւկօ Շորթըր: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:


