ՄԱԿ-ը Թուրքիոյ մէջ կալանաւորուած լրագրողներու` Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանին մէջ քննուող գործերու ընթացքին միջամտելու իրաւունք ստացած է: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթը:
ՄԱԿ-ը, մասնաւորաբար, իրաւունք ստացած է մասնակցելու 10 դատական գործերու, որոնց շրջանակին մէջ պիտի քննուին Թուրքիոյ մէջ կալանաւորուած շարք մը լրագրողներու դատական գործերը, որոնց շարքին կան նաեւ երկրի գլխաւոր ընդդիմադիր «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթը լրագրողները:
Յիշեցնենք, որ 11 նոյեմբեր 2016-ին Թուրքիոյ ոստիկանութիւնը Անգարայի մէջ յատուկ գործողութիւն կատարած էր ընդդիմադիր «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթի աշխատակիցներուն դէմ: Խուզարկութիւններ կատարուած էին օրաթերթի տնօրէնի, խմբագիրներու եւ շարք մը սիւնակագիրներու տուներուն մէջ:
Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանը մինչեւ 2 հոկտեմբեր ժամանակ տուած է Թուրքիոյ իշխանութիւններուն, որպէսզի դատարանին մէջ հանդէս գան բացատրական ճառով եւ բացատրեն, թէ ի՛նչ հիմամբ ձերբակալած են թրքական ընդդիմադիր «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթի լրագրողներն ու ղեկավար կազմը:


