Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (31 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 1961)

October 31, 2011
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԸ ՈՐՈՇԵՑ ՍՏԱԼԻՆԻ
ԴԻԱԿԸ ՀԱՆԵԼ ԼԵՆԻՆԻ ՅՈՒՇԱԴԱՄԲԱՆԷՆ

«ԱՆՊԱՏՇԱՃ ԷՐ ՊԱՀԵԼ ԴԻԱԿԸ ՄԱՐԴՈՒ ՄԸ, ՈՐ
ԶԱՆԳՈՒԱԾԱՅԻՆ ՋԱՐԴԵՐ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԵՑ»,
Կ՛ԸՍԷ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ՈՐՈՇՈՒՄԸ

Լենինկրատի համայնավար կուսակցութեան շրջանային կոմիտէի առաջին քարտուղար Իվան Սփիրիտոնով, Համամիութենական կոմկուսի 22-րդ համագումարին առջեւ այս առտու յայտարարեց. «Ստալինի մարմնին պահպանումը դամբարանին մէջ, Լենինի մարմնին քով, անհաշտ է այն ապօրինութեանց հետ, որ Ստալին գործեց անձի պաշտամունքի շրջանին»:

Ընդգծելէ ետք, թէ անհրաժեշտ է կարելի եղածին չափ շուտ Ստալինի մարմինը փոխադրել, ԻՎան Սփիրիտոնով ծանոյց, թէ այս պահանջը առաջարկուած եւ ընդունուած է միաձայնութեամբ, Լենինկրատի շրջանի բազմաթիւ աշխատաւորներու կողմէ:

Ապա խօսքը տրուեցաւ Մոսկուա քաղաքի կոմիտէի առաջին քարտուղար Փիեռ Տեմիչեւի, որ յայտարարեց, թէ մայրաքաղաքի համայնավարները զօրավիգ կը կանգնին Սփիրիտոնովի ծրագրին` Ստալինի մարմինը Կարմիր հրապարակէն այլուր փոխադրելու համար:

«Կարելի չէ լուռ մնալ, հակառակ անոր որ Ստալինի օրով գործուած ապօրինութիւններն ու քմահաճ արարքները անցեալին կը պատկանին», յայտարարեց ճառախօսը, որ աւելցուց. «Այսուհետեւ եւ յաւիտեանս լենինեան սկզբունքները կը յաղթանակեն եւ պիտի շարունակեն յաղթանակել մեր կեանքին մէջ»:

Նոյն պահանջը ներկայացուց նաեւ Վրաստանի (Ստալինի հայրենիք) համայնավար կուսակցութեան առաջին քարտուղար Ճավախիշվիլ, որ ըսաւ. «Ստալինի անձի պաշտամունքի շրջանին ստեղծուած կացութիւնը երկրին մէջ պատճառ դարձաւ կամայականութեան եւ ապօրինութեան տիրապետութեան: Ատկէ վնասուեցաւ նաեւ վրացական համայնավար կուսակցութիւնը: Հետեւաբար վրացական համայնավար կուսակցութիւնը եւ պատուիրակութիւնը բոլորովին համամիտ են Ստալինի մարմինը փոխադրելու առաջարկին»:

ՈՐՈՇՈՒՄԸ ՏՐՈՒԵՑԱՒ

22-րդ համագումարը որոշեց փոխադրել Ստալինի մարմինը, ծանոյց խորհրդային անթելը:

ԹԱՍՍ գործակալութեան համաձայն, համագումարը միաձայնութեամբ վաւերացուցած է հետեւեալ բանաձեւը.

1) «Անպատշաճ է յուշադամբանին մէջ պահել Ե. Վ. Ստալինի գերեզմանը` Ստալին լրջօրէն բռնաբարած ըլլալով Լենինի կտակը, իշխանութիւնը չարաչար գործածած, խորհրդային պարկեշտ քաղաքացիներու դէմ զանգուածային ջարդեր եւ անձի պաշտամունքի շրջանին այլ արարքներ գործած ըլլալով:

2) Համայնավար կուսակցութեան եւ խորհրդային պետութեան հիմնադիր, ինչպէս նաեւ համայն աշխարհի աշխատաւորներու պետ եւ ղեկավար Վլատիմիր  Իլիչ Լենինի յիշատակը յաւերժացնելու համար Կարմիր հրապարակին վրայ կերտուած յուշադամբանը այսուհետեւ պիտի կրէ «Վլատիմիր Իլիչ Լենինի յուշադամբան» անունը:

Դէտերու կարծիքով, 22-րդ համագումարի որոշումը կը նշանակէ, որ Խրուշչեւ որոշած է ամբողջովին խզուիլ ստալինականութենէն` իբրեւ վարչաձեւ:

ՀՄԸՄ-Ը ԱՄՄԱՆԻ ՄԷՋ

Ամմանի ՀՄԸՄ-ի վարչութեան մասնաւոր կարգադրութեամբ, Պուրճ Համուտի ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի եւ պասքեթպոլի խումբերը պիտի այցելեն Ամման, հաւանաբար նոյեմբեր 24-26, մրցումներ ունենալու համար տեղւոյն զօրաւորագոյն կազմերէն «Ահլի»ի եւ «Ճեզիրէ»ի դէմ:

Ամմանի ՀՄԸՄ-ի ուժական վարչութիւնը, որ մտահոգուած է որքան տեղական միութենական գործերով, նոյնքան եւ միջգաղութային յարաբերութիւններ մշակելու կենսական աշխատանքով, նախաձեռնարկը հանդիսացած է այս ծրագրին:

Համեմատաբար փոքր գաղութի մը մէջ Ամմանի եւ ՀՄԸՄ-ը օր ըստ օրէ կ՛աճի եւ շնորհիւ միութեան ատենապետ Ալպեր Փելթեքեանի, ատենադպիր Ժորժ Տաքեսեանի, զոյգ մարզական պատասխանատուներ` Յակոբ Պետեւեանի եւ Վարուժ Էթեէմեզեանի եւ վարչութեան միւս գործունեայ անդամներուն, ՀՄԸՄ-ը աւելիով կ՛արդարացնէ իր վրայ դրուած յոյսեր` իր շուրջ համախմբուած պատանիներուն եւ երիտասարդներուն ջամբելով մարզական գիտելիքներուն հետ նաեւ ազգային գիտակցութեան ոգի, կորով եւ համերաշխութիւն, որոնց այնքան պէտք ունի այսօր հայութիւնը, քիչ մը ամէն տեղ:

Շնորհիւ վարչութեան ժրաջան գործունէութեան` արդէն գնուած է նոր ակումբին հողը եւ մօտ օրէն կը սկսին աշխատանքները` Ամմանի ՀՄԸՄ-ը օժտելու համար ամէն պահանջի գոհացում տուող ակումբով մը:

Մինչ այդ նորանոր ծրագիրներ կը մշակուին` զարկ տալու համար Ամմանի հայկական գաղութի ազգապահպանման եւ հայեցի դաստիարակութեան գործին:

Բ. Գ.

Նախորդը

Օդերեւոյթ (29 եւ 30 հոկտեմբեր 2011)

Յաջորդը

ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ՉԱՐԱՇԱՀՈՒԹԻՒՆ. ԱՓՐԻԿԵՑԻ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐ ԿԸ ՄԱՔՍԱՆԵՆԳՈՒԻՆ` ԱՐԻՒՆԱԼԻ ԾԻՍԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.