ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
Ահա չորս բառեր, որոշ չափով` նմանահունչ, որոնք սակայն իրարմէ բոլորովին տարբեր իմաստներ ունին ու մեր առջեւ կը բանան տարբեր աշխարհներու դռները…
Սկսինք առաջինէն: Ի՞նչ է «խուխ»-ը:
Անիկա թանձրացեալ լորձունքն է, զոր հազի միջոցով կ՛արտահանենք մեր թոքերէն ու բերնի ճամբով (թքելով) կը հեռացնենք:
Մեր ժողովուրդը, ընդհանրապէս, չի գործածեր (կամ չի գիտեր) այս բառը ու կը նախընտրէ ատոր փոխարէն օգտագործել «պալղամ» օտար բառը:
Իսկ «խո՞րխ»-ը:
Խորխը օձին շապիկն է, բարակ մաշկը, զոր ան տարին անգամ մը կը փոխէ, կը վերանորոգէ` իր ճապուկ մարմինը քսելով քարերուն: Ունինք «Խորխահան ընել» ասոյթը, որ թէեւ բառացիօրէն ունի «կաշին փոխել»-ու իմաստ, սակայն փոխաբերաբար կը նշանակէ իսկական դիմագիծն ու գոյնը ցոյց տալ:
«Խորխ» բառը բժշկական կամ առողջապահական կալուածին մէջ ալ կը գործածուի` բնորոշելու համար այն բարակ ու կեղուուող մաշկը, որ կը գոյանայ մեր քիթին ծայրը` երկարատեւ հարբուխէ ետք: Հայաստանցիները կ՛ըսեն. «Հարբուխը այնքան ծանր էր, որ քիթը խորխ տուեց»:
Հիմա գանք «խորիսխ»-ին:
Թերեւս ձեր մտքէն անգամ պիտի չանցնի, որ խորիսխը մոմով մեղրն է: Մեղրամոմի բջիջները երբ լեցուն կ՛ըլլան մեղրով, ատիկա կը կոչուի «խորիսխ»: Սղագին ու առողջարար:
Ու վերջապէս… հասանք «խարիսխ»-ին:
Խարիսխը ամուր եւ հաստատուն պատուանդանն է: Քաղաքական լրատւութիւններուն մէջ յաճախ կը կարդանք. «Ռուսաստան ռազմական խարիսխ մը հաստատեց Հայաստանի սահմանին մօտիկ»: Կամ` «Թուրքիա պիտի չարտօնէ, որ Ատանայի մօտ գտնուող Ինճիրլիքի զինուորական խարիսխը օգտագործուի ամերիկեան ուժերու կողմէ»:
Բայց «խարիսխ»-ը ունի երկրորդ իմաստ մըն ալ, որ նմանապէս շատ կ՛օգտագործուի: Անիկա երկու թեւերով այն ծանր երկաթն է, զոր շղթաներով նաւէն վար կը կախեն` ծովուն մէջ, որպէսզի նաւը անշարժ մնայ քարափը: Օրինակ, կ՛ըսենք. «Եգիպտական բեռնատար երեք նաւեր այսօր խարիսխ նետեցին Լաթաքիոյ ծովեզերքը». այսինքն նաւերը կանգ առին քարափը: Գեղեցիկ ըսելաձեւ մըն է:
Կրցայ ստուգել, որ «Խարիսխ» անունով հայերէն կիսամսեայ թերթ մը հրատարակուեր է Թուրքիոյ ծովեզերեայ Տրապիզոն քաղաքին մէջ, 1909-ին, Եղեռնէն առաջ, շուրջ տարի մը տեւողութեամբ: Խմբագիրն ալ նշանաւոր վիպագիր Մալխասը եղեր է, «Զարթօնք» վիպաշարին հեղինակը:
«Խարիսխ»-ը մեր սփիւռքահայ գրականութեան մէջ ալ մուտք գործած է, եւ` երկու անգամ: Նախ` ունինք ֆրանսահայ առաջին սերունդի գրողներէն Նիկողոս Սարաֆեանի մէկ վիպակը` «Խարիսխէն հեռու», որ առաջին անգամ լոյս ընծայուած է Պոսթընի «Հայրենիք» ամսագիրին մէջ, 1932-ին: Նոյն վերնագիրով պատմուածքներու ժողովածու մըն ալ ունի լիբանանահայ արձակագիր Արմէն Դարեանը (1922-1990), տպուած` 1964-ին, Պէյրութ: Երկու գրողներուն մտքին մէջ ալ խարիսխը հայրենիքն է` Հայաստանը, իսկ այդ խարիսխէն հեռու գտնուողներն ալ մե՛նք ենք` պանդուխտ սփիւռքահայերս…


