Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարը Կ՛այցելէ Իսրայէլի Ռազմարդիւնաբերական Կեդրոնները

September 18, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ռազմ.ինֆօ» կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ հինգշաբթի, 14 սեպտեմբերին Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Իսրայէլ կատարած իր այցելութեան ծիրին մէջ այցելած է նաեւ այդ երկրի ռազմարդիւնաբերութեան շարք մը կեդրոններ:

Հասանով հանդիպումներ ունեցած է իսրայէլեան ռազմարդիւնաբերական ընկերութիւններու ղեկավարներուն հետ` քննարկելով զինուորական արհեստագիտութեան մարզին մէջ համագործակցութեան վերաբերող հարցեր: Զաքիր Հասանով նաեւ ծանօթացած է ընկերութեանց արտադրութիւններուն:

Յայտնենք, որ Հասանովի Իսրայէլ այցելութիւնը սկսած էր 11 սեպտեմբերին: Ան խորհրդակցութիւններ ունեցած է Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Աւիկտոր Լիպերմանի հետ, իսկ 13 սեպտեմբերին այցելած է նաեւ Իսրայէլի զինուորական ուժերու հրամանատարութեան եւ ղեկավարման կեդրոնը:

Հասանով առաջին անգամ ըլլալով իբրեւ նախարար կ՛այցելէ Իսրայէլ, եւ յատկանշական է, որ անոր այցելութիւնը տեղի ունեցաւ Ազրպէյճանէն իսրայէլեան անօդաչու սարքերով Հայաստանի ուղղութեամբ կատարուած յարձակումի լուրին ստեղծած գայթակղութենէն քանի մը շաբաթ ետք միայն:

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարութիւնը տակաւին կը քննէ իսրայէլացի մասնագէտներու հաւանական մասնակցութիւնը` հայկական դիրքերու ուղղութեամբ կատարուած յարձակումին: Մինչ այդ, իսրայէլեան կողմը սառեցուցած է Ազրպէյճանին նշեալ սարքերը վաճառելու արտօնագիրը:

 

Նախորդը

Ազրպէյճանի Եւ Թուրքիոյ Օդուժերու Միացեալ Ռազմափորձեր

Յաջորդը

Եակլանտ Կ՛առաջարկէ Ազրպէյճանը Հեռացնել Եւրոպական Խորհուրդէն

RelatedPosts

Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին  Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»
Միջազգային

Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.