Եգիպտոսի մէջ սահմանադրական բարեփոխումներու շուրջ հանրաքուէին հսկող յանձնախումբը յայտարարեց, որ 18.5 միլիոն քուէարկողներ մասնակցած են հանրաքուէին: Այդպիսով հանրաքուէին մասնակցութեան համեմատութիւնը 41 առ հարիւր եղած է:
Յանձնախումբը յայտարարեց, որ սահմանադրական բարեփոխումները որդեգրուած են քուէներու 77 առ հարիւրով:


