Թուրքիոյ մէջ Չինաստանի դեսպան Հոնկ Լիանկ «Կլոպըլ Նիու Լայթ աֆ Միանմար» օրաթերթին յայտնեց. «Չինաստան կը զօրակցի ռոհինկիա ըմբոստներուն դէմ ապահովական արշաւին»:
Չինաստանի դեսպանը շեշտեց. «Միանմարի ապահովական ուժերու` ծայրայեղական ահաբեկիչներուն դէմ շղթայազերծած հակայարձակումը եւ մարդոց օժանդակութիւն տրամադրելու կառավարութեան խոստումները մեծապէս ողջունելի են»:
Միւս կողմէ, ռոհինկիաներու «Փրկութեան բանակ»-ը յայտնեց, որ կը մերժէ միջազգային ահաբեկչական խմբաւորումներու կողմէ տրամադրուած որեւէ օժանդակութիւն: Կազմակերպութեան ներկայացուցիչները ընդգծեցին, որ իրենք որեւէ կապ չունին Քայիտայի, ՏԱՀԵՇ-ի կամ որեւէ այլ ահաբեկչական կազմակերպութեան հետ եւ չեն ուզեր այդ խմբաւորումներուն Ռախինի մէջ տիրող տագնապին միջամտութիւնը:
Նշենք, որ Քայիտան իսլամներուն կոչ ուղղեց ռոհինկիաներուն նիւթական եւ զինուորական աջակցութիւն ցուցաբերելու:


