Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ նախարարութեան իր գրասենեակին մէջ պատուեց Ռէյ Պասիլը, որ Ասիոյ հրացանաձգութեան ախոյեանութեան տիրացած էր ոսկի մետալի:
Այս պարգեւատրումին ներկայ գտնուեցան նաեւ նախարար Նիքոլա Թուէյնի եւ Լիբանանի հրացանաձգութեան ֆետերասիոնի նախագահ Փիեռ Ժալըխ:
Շնորհաւորելով Պասիլը` նախարար Ֆընէյշ նորանոր յաջողութիւններ մաղթեց անոր: Ան այժմ կը պատրաստուի յառաջիկայ ամիս տեղի ունենալիք աշխարհի հրացանաձգութեան ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն:
Բոլորին շնորհակալութիւն յայտնելով` Պասիլ խոստացաւ յառաջիկային յաւելեալ մետալներու տիրանալ, միշտ բարձր պահելու համար Լիբանանի անունը միջազգային գետնի վրայ:


