«Նիուզ» կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի մէջ Իսրայէլի դեսպան Տեն Սթաւ յայտարարած է, թէ Իսրայէլ Արցախի տագնապի խաղաղ լուծման կողմնակից է եւ կ՛աջակցի այդ ուղղութեամբ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու ջանքերուն:
Անդրադառնալով լրագրող Ալեքսանտր Լափշինին ներում շնորհելու մասին Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կարգադրութեան` դեսպանը նշած է, որ դրական կը նկատէ այդ որոշումը:


