Վարչապետ Սաատ Հարիրի Ռուսիա կատարած իր պաշտօնական այցելութիւնը երէկ եզրափակեց Սոչիի մէջ հանդիպում մը ունենալով Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, շրջանային զարգացումներն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները` լուսարձակի տակ առնելով տնտեսական, առեւտրական եւ ներդրումներու մարզերուն, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակի զինման առումով փոխադարձ գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:
Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, տնտեսութեան նախարար Մաքսիմ Օրիշքին, Փութինի արտաքին հարցերու օգնական Եուրի Ուշաքով, վարչապետ Հարիրիի գրասենեակի տնօրէն Նատեր Հարիրի եւ Հարիրիի Ռուսիոյ հարցերու խորհրդատու Ժորժ Շաապան:
Հանդիպումին ընթացքին Փութին ողջունեց Հարիրին` շեշտելով, որ օր մը առաջ ստորագրուած համաձայնագիրները դրական ազդեցութիւն պիտի ունենան` երկկողմանի յարաբերութիւններու ամրապնդումին առումով:
Լիբանանի եւ Ռուսիոյ միջեւ առեւտուրի կշիռը համեստ է, «սակայն լաւատեսութիւն կայ զայն ամրապնդելու», ըսաւ Փութին` աւելցնելով, որ Հարիրիի հետ պիտի քննարկէ լիբանանեան ներքին իրադարձութիւններն ու շրջանի երկիրներուն վերաբերող հարցեր:
Իր կարգին, Հարիրի շնորհակալութիւն յայտնեց Փութինին` մաղթելով, որ Պէյրութ-Մոսկուա տնտեսական յարաբերութիւնները եւ զինուորական գործակցութիւնը հասնին բարձր մակարդակի:
Հանդիպումէն ետք Հարիրի ըսաւ, որ Փութինի հետ քննարկած է լիբանանեան բանակին համար ռուսական զէնքեր գնելու դիւրութիւնները, ինչպէս նաեւ տնտեսական գործակցութիւնը բարելաւելու հեռանկարները:
Ան նշեց, որ Լիբանան-Սուրիա սահմանագծումի հարցին անդրադարձած է, սակայն քննարկումները հիմնականին մէջ կեդրոնացած են տնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման վրայ:
Հարիրի նշեց, որ Փութին կը զօրակցի շրջանային քաոսին առումով Լիբանանի որդեգրած չէզոքութեան, յատկապէս նկատի ունենալով, որ այդ կեցուածքին շնորհիւ Լիբանան կրցած է ինքզինք պահպանել:
Հարիրի մաղթեց, որ Սուրիոյ տագնապին լուծման ի խնդիր Ռուսիոյ հետ գործակցող երկիրները անկեղծ ըլլան, որպէսզի կարելի ըլլայ հասնիլ տագնապի լուծման փուլին: «Մենք կը մաղթենք, որ ռուսական ընկերութիւնները Լիբանանի մէջ նախաձեռնութիւններ կատարեն եւ աշխատանքներու ձեռնարկեն, յատկապէս բնական կազի հանքերու պեղման առումով:
Լիբանանի մէջ ռուսական ընկերութիւններուն աշխատանքը քաջալերելի է, եւ կը կարծեմ, որ Լիբանան կրնայ ըլլալ Սուրիոյ վերակառուցման կեդրոնը», ընդգծեց Հարիրի:
Միւս կողմէ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարի օգնական Միխայէլ Պոկտանով յայտնեց, որ վարչապետ Հարիրիի Մոսկուա կատարած այցելութիւնը շատ դրական էր եւ յաջող` աւելցնելով, որ այդ այցելութեան արդիւնքները պիտի դրսեւորուին Ռուսիոյ կողմէ Լիբանանի նկատմամբ ցուցաբերուելիք զօրակցութեամբ:
Իր կարգին, Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքին շեշտեց, որ Լիբանանի եւ Ռուսիոյ միջեւ ստորագրուած գործակցութեան համաձայնագիրները իրենց ազդեցութիւնը պիտի ունենան Լիբանան-Ռուսիա երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու իմաստով:


