«Կը վերադառնանք» կարգախօսին ներքեւ Շապապ Սահել հինգշաբթի, 14 սեպտեմբերին պիտի ներկայացնէ ֆութպոլի իր խումբը, որ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Լիբանանի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2017-2018 տարեշրջանին:
Խումբին ներկայացումը տեղի պիտի ունենայ երեկոյեան ժամը 18:30-ին, ակումբին մարզադաշտին մէջ, Հարեթ Հըրէյքի Մար Եուսեֆ եկեղեցւոյ դիմաց:
Շապապ Սահել, որ 2016-2017 տարեշրջանի աւարտին փոխադրուեցաւ Բ. դասակարգ, վերջին շրջանին այլ յայտարարութեան մը մէջ նշած էր, որ խումբը 2017-2018 տարեշրջանէն ետք վերստին պիտի բարձրանայ Ա. դասակարգ:


