Սպանական «ԱՍ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Ռէալ Մատրիտի եւ Պարսելոնայի միջեւ տեղի ունենալիք «Լա լիկա»-ի մրցումին (որ ծանօթ է իբրեւ «Քլասիքօ»-ի ճակատում) օրը փոփոխութիւն կրեց:
17-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ տեղի ունենալիք այս մրցումը, որուն կայացման համար թուական ճշդուած էր 20 դեկտեմբերը, այժմ տեղի պիտի ունենայ 23 դեկտեմբերին` նկատի ունենալով, որ Ռէալ Մատրիտ 6-16 դեկտեմբերին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ աշխարհի ակումբներու ախոյեանութեան:
Արքայական ակումբը իր մարզիկները հանգստացնելու համար քանի մը օրով ուզեց յետաձգել այս մրցումը, խնդրանք մը, որ բնականաբար չմերժուեցաւ Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ:


