Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (9 Սեպտեմբեր 1967)

September 9, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խմբագրական

 Փրկարար Ձայնը

Իր պարզութեան մէջ յուզիչ, սրտաթունդ շեշտ մը կար Ղարաբաղի հայութեան կոչին մէջ. աղեկտուր ճիչ մը, յուսահատութեան մատնուած ժողովուրդի մը սրտակեղեք խօսքը, որ կ՛ուղղուէր հանուր հայութեան,  հայրենիքի թէ արտերկրի:

Կարելի չէ կարդալ եւ չյուզուիլ: Կարելի չէ թափանցել ողբերգութեան եւ չընդվզիլ:

Չընդվզիլ անարդար կարգերուն դէմ, չընդվզիլ ճակատագրին դէմ, մարդոց ու հաստատութիւններու դէմ:

Քսաներորդ դար ու` մարդկային ազատութիւններ:

Խորհրդային Միութիւն եւ` ժողովուրդներու բարեկամութեան շողշողուն տիտղոս:

Ու Ղարաբաղ` թանձրացեալ անարդարութիւն:

Ու տակաւին` ճենկիզխանեան հալածանք, թաթարական մոլուցք:

Վերջապէս` քար անտարբերութիւն:

Այսքանը շա՛տ է:

Ժողովուրդի մը համար մանաւանդ, որ սեւ օրեր շա՛տ տեսաւ, ողբերգութիւններ շա՛տ ապրեցաւ, տոկա՜ց, տոկա՛ց` արդարութեան տենչանքով, ազատութեան կարօտով:

Ու ահա` վերջին արարը: Վերջի՞նը:

Անարգուած ու հալածական մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն սրտայոյզ կոչը` «Հայաստանի ժողովուրդին, կառավարութեան, կուսակցական կենտկոմին եւ հասարակական կազմակերպութիւններին»:

Այսինքն` լռութեան դատապարտուածներուն: Անոնց, որոնք չեն կրնար խօսիլ: Չեն կրնար բողոքել, չեն կրնար տէր կանգնիլ:

Բայց անոնց վրայէն ՄԵԶԻ` ազատ պայմաններու մէջ ապրող հայերուս, հայութեան կէսին, անոր ՓՐԿԱՐԱՐ ՁԱՅՆԻՆ, բողոքին, պայքարին:

Ախունտով, որ ուղիղ գծով կը թուի սերած ըլլալ Թալէաթ եւ Էնվեր կոչուած մարդակերպներէն, ձեռնոց կը նետէ.

– Մոռացէ՛ք Հայաստանին միանալու ձեր պահանջը:

Այսինքն ուրացէ՛ք ձեր հայութիւնը, ենթարկուեցէ՛ք թաթարին նախատական իշխանութեան, ամէնօրեայ հալածանքներուն, զրկանքին, սուրին եւ ոճիրին:

Հայութեան կը մնայ վերցնել այդ ձեռնոցը: Մեր պապերուն սուրբ յիշատակին դաւաճանած կ՛ըլլանք, եթէ չընենք այդ, եթէ արիութիւնը չունենանք, ԱԶԳՈՎԻՆ, բոլոր հոսանքներով անխտիր ոտքի կանգնելու` պաշտպանելու համար մեր անիրաւուած եղբայրներուն եւ լռութեան դատապարտուած հայրենի ժողովուրդին արդար դատը:

«Իր դաւաճան ղեկավարների ձեռքով ազրպէյճանական շովինիստին ի կեր նետուած Ղարաբաղի հայութիւնը սպասում է քո փրկարար ձայնին, հա՛յ ժողովուրդ, մա՛յր ժողովուրդ»:

Ո՞ր հայը, որ տակաւին իր երակներուն մէջ կը կրէ Հայկի եւ Վարդանի մաքուր արիւնը, պիտի կրնայ անտարբեր մնալ այս կոչին ուժգնութեան եւ պարտականութեան այն հրաւէրին առջեւ, որ կ՛ուղղուի իրեն:

Պէտք է մոռնալ բոլոր տարակարծութիւնները, վարչակարգի, գոյնի, գաղափարի բոլոր խնդիրները եւ ՄԻԱՆԱԼ, միանալ սրբազան, նուիրական այս պարտականութեան համար, որ այսօր, Ղարաբաղի հայութիւնը, յուսահատութեան եւ անձկութեան գերագոյն մէկ պահուն, պարտք կը դնէ մեր վրայ, բոլորի՛ս վրայ:

Պէտք է խօսիլ ու գործել, դուլ ու դադար չճանչնալ, պահանջել` անիրաւուածներուն համար եւ լռութեան դատապարտուածներուն հաշուոյն:

Այսինքն`

Հայաստանի ժողովուրդին,
Կառավարութեան,
Կուսակցական կենտկոմին
եւ հասարակական կազմակերպութիւններին:

Ա՛յս է կոչին իմաստը, ա՛յս է մեզմէ պահանջուածը:

Ա՛յս է մեր պարտքը:

 

Խորէն Ա. Կաթողիկոսի
Այցը Շթորայի «Կազդուրման Կայան»

Երեքշաբթի, 29 օգոստոս, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին Շթորայի «Կազդուրման կայան» այցելեց Խորէն Ա. կաթողիկոս` ընկերակցութեամբ լիբանանահայոց առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոսի եւ Գարեգին եպիսկոպոսի:

«Կազդուրման կայան»-ի գլխաւոր մուտքին եւ բոլոր բաժանմունքներու մուտքերուն կանգնեցուած էին յաղթական կամարներ` ողջոյնի պաստառներով, զարդարուած` ծաղիկներով ու դալարներով:

Ընդունելութեան կազմակերպութեան մեծապէս սատարեց Շթորայի ազգայիններէն Գէորգ Բուչիգեան:

Հակառակ այցելութեան անպաշտօն բնոյթին` Շթորայի եւ շրջակայքի ժողովուրդը խուռներամ եկած էր դիմաւորելու վեհափառ հայրապետը:

Խանդավառ ծափերով ու ծաղիկներով ընդունուեցաւ վեհափառ հայրապետը: Աջահամբոյրէ ետք վեհափառը սրբազան հայրերու եւ հիւրերու հետ այցելեց «Կազդուրման կայան»-ի բոլոր բաժանմունքները: Իր հիացումն ու ջերմ գնահատանքը յայտնեց տիրող մաքրութեան, յարդարումին, ճաշակին, մանաւանդ նորակառոյց տիպար ննջարանին համար: Շնորհաւորեց յատկապէս ընդհանուր պատասխանատու Մարի Քէշիշեանի անձնուէր գործունէութիւնը:

Ապա «Կազդուրման կայան»-ի աշակերտները բարի գալուստի խմբական ուղերձ մը արտասանեցին եւ խմբերգեցին ազգային երգեր:

Հիւրասիրութենէ ետք Լիբ. օգն. խաչի Շրջանային վարչութեան, «Կազդուրման կայան»-ի պաշտօնէութեան եւ աշակերտութեան կողմէ խօսք առաւ վարիչ-պատասխանատու Մարի Քէշիշեանը:

Վեհափառ հայրապետը օրհնութեան իր խօսքին մէջ մաղթեց, որ հայ ժողովուրդին պատիւ բերող բարենպատակ եւ աստուածահաճոյ կազմակերպութիւնը` Լիբ. օգն. խաչը, աւելի՛ եւս ծաղկի, բարգաւաճի` մնալով հայ ազգին գոյատեւման սատարող էական սիւներէն եւ մայր երակներէն մէկը: Օրհնեց բոլոր խաչուհիները եւ փոքրիկները:

Այնուհետեւ, ծափերով, ծաղիկներով, երգերով ու մաղթանքներով վեհափառը եւ սրբազան հայրերը առաջնորդուեցան ինքնաշարժ:

Վեհափառ հայրապետը անգամ մը եւս հայրական յորդորանքի խօսքեր ուղղեց ներկաներուն` ըլլալու միշտ «Կազդուրման կայան»-ին հետ եւ ամէն գնով օժանդակելու անոր:

Թ. 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Ծանօ՞թ Էք Կրիթըրին

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.