
Երէկ յետմիջօրէին Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէն յատուկ մամլոյ ասուլիս մը տալով ներկայացուց Աշխապատ (Թիւրքմենիստան) մեկնող լիբանանեան պատուիրակութիւնը, որ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ 17-27 սեպտեմբերին տեղի ունենալիք ասիական 5-րդ խաղերուն, որոնք տեղի պիտի ունենան փակ դաշտերու մէջ:
Լիբանանեան պատուիրակութեան մաս կը կազմեն 71 երկսեռ մարզիկներ եւ մարզիչներ, որոնք իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 13 մարզաձեւերու մէջ:
Անոնք են` ֆութսալ, լողարշաւ, աթլեթիզմ, մարզական պար, պիլիար, ժիւտօ, ճատրակ, ըմբշամարտ, ազատ ըմբշամարտ, մուայ թայ, թենիս, 3×3 պասքեթպոլ եւ ճափոնական մարտարուեստ` ժուժիթսօ:


