Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Լիբանանի Շահերուն Կը Ծառայէ Հեռու Մնալ Բարեկամներուն Եւ Յատկապէս Եղբայրներուն Հետ Մթնոլորտը Ելեկտրականացնելէ» Շեշտեց Վարչապետ Հարիրի

September 8, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կառավարութիւնը երէկ կէսօրին վարչապետարանին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի:

Ժողովը աւարտեցաւ կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին:

Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշի յայտնեց, որ նախարարաց խորհուրդը իր նիստին սկսաւ մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելով նահատակ բանակայիններուն յիշատակը:

Ռիաշի յայտնեց, որ վարչապետ Հարիրի կոչ ուղղած է կառավարութեան վարուելու հերոս բանակայիններուն նահատակութեան մակարդակին համաձայն` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է քաղաքական հերետիկոսութիւններէ հեռու մնալ, որովհետեւ գործուած ոճիրին պատասխանատուն ՏԱՀԵՇ-ն է:

«Վարչապետ Հարիրի ընդգծեց, որ Լիբանան ոչ մէկ առանցքի մաս կը կազմէ, այլ` ան ահաբեկչութեան դէմ պայքարող միջազգային դաշինքին աշխուժ մասնիկն է», ըսաւ Ռիաշի:

Ան աւելցուց, որ Հարիրիի համաձայն, Լիբանանի շահերուն կը ծառայէ, որ ան հեռու մնայ բարեկամներուն եւ յատկապէս եղբայրներուն հետ մթնոլորտը ելեկտրականացնելէ:

«Վարչապետ Հարիրի հաստատեց, որ Ազգային սուգի օրը կը ներառէ լիբանանցի նահատակ բոլոր բանակայիններն ու ապահովութեան ուժերու նահատակները, որոնք ահաբեկչութեան դէմ կռուի ընթացքին նահատակուեցան: Այս առիթը պէտք է ըլլայ լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը ամրապնդող առիթ եւ ոչ թէ քաղաքական բաժանումի առիթ», նշեց Ռիաշի:

Ան յայտնեց նաեւ, որ Հարիրի կառավարութեան ներկայացուցած է Ֆրանսա կատարած իր այցելութեան արդիւնքները` նշելով, որ ան կրցած է ի շահ Լիբանանի երեք խորհրդաժողովներ ապահովել: Անոնք են. ա) Լիբանանի տնտեսութեան զօրակցութեան, բ) Լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան զօրակցութեան եւ գ) Միջազգային ընտանիքի օժանդակութեան մակարդակով սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձը երաշխաւորող խորհրդաժողովները:

Ռիաշի յայտնեց, որ կառավարութիւնը որոշեց Համագործակցականի ցանցի ընդհանուր տնօրէն Կլորիա Ապու Զէյտի փոխարէն այլ տնօրէն նշանակելու թղթածրարը յետաձգել:

Պատասխանելով լրագրողներուն հարցումներուն` Ռիաշի յայտնեց, որ Լիբանանի բարձունքները ազատագրելու համար բանակին շղթայազերծած զինուորական գործողութեան մասին պաշտպանութեան նախարար Եաագուպ Սարրաֆ զեկուցում ներկայացուցած է նիստին ընթացքին` աւելցնելով, որ այդ տեղեկութիւնները կը մնան գաղտնի:

Նշենք, որ կառավարութեան նիստին ընթացքին շեշտուեցաւ, որ եթէ տուրքերու օրէնքը չեղեալ նկատուի, ապա աշխատավարձի յաւելումները չեղեալ պիտի նկատուին, «որովհետեւ կը մերժենք Լիբանանի ճակատագիրը Յունաստանի ճակատագիրին վերածել», նշեցին նախարարները:

 

 

Նախորդը

Եարզէի Մէջ. «Եւրոպական Միութիւնը Կը Շարունակէ Զօրակցիլ Լիբանանեան Պետութեան Կառոյցներուն» Շեշտեց Լասըն

Յաջորդը

Անցնող Շաբաթը Կատակ Չէր

RelatedPosts

Հեռաձայնելով Սալամին`  «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային  Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Գլխաւոր լուրեր

Հեռաձայնելով Սալամին` «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

November 4, 2026
Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող  «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի  Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց
Լիբանանեան

Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց

November 4, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց  Պատուելի Թերզեանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Պատուելի Թերզեանը

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.