Սուրիոյ բանակն ու անոր դաշնակիցները երէկ յաջողեցան ճեղքել Տէր Զօր քաղաքի շրջափակումը եւ հասնիլ այդտեղ գտնուող սուրիական զօրքին, որ քաղաքին մէջ 28 ամիսներէ ի վեր պաշարուած էր ՏԱՀԵՇ¬ի զինեալներուն կողմէ:
Քաղաքին մէջ կը գտնուի 137-րդ զօրախումբի ռազմակայանը: Սուրիոյ բանակը յաջողած է քանի մը միջանցքներ ստեղծել այդ ռազմակայանին հետ կապը պահպանելու համար:
Մինչ այդ, Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ Միջերկրական ծով գտնուող «Ծովակալ Էսսեն» յածանաւը «Քալիպըր» տիպի թեւաւոր հրթիռներով ոչնչացուցած է Տէր Զօրի մօտ գտնուող ՏԱՀԵՇ¬ի դիրքեր:
Պաշտպանութեան նախարարութիւնը նշած է, որ հարուածը հասցուած է այն շրջանին, որ կը գտնուէր Ռուսիայէն եւ ԱՊՀ¬ի երկիրներէն ժամանած զինեալներու վերահսկողութեան տակ:



