Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախի Անկախութեան 26-ամեակին Առիթով 114 Նորագիրներ Համալրեցին Դաշնակցութեան Շարքերը

September 5, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

2 սեպտեմբերին «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոնին մէջ տեղի ունեցան Արցախի Հանրապետութեան հռչակման 26-ամեակին նուիրուած Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան կազմակերպած ոգեկոչման արարողութիւնը, որուն ընթացքին Դաշնակցութեան շարքերուն միացան 114 նորագիր երիտասարդներ:

Նախ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւնը` ի յիշատակ պանթէոնին մէջ ամփոփուած հայորդիներուն, որոնց կեանքին գնով այսօր ունինք անկախ ու ազատագրուած հայրենիք:

Հայկական երկու հանրապետութիւններու քայլերգներէն ետք, որոնք հնչեցին ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի շեփորախումբին կողմէ, բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան: Ան հաստատեց, որ 2 սեպտեմբեր 1991-ին տրուած որոշումը իսկական անհրաժեշտութիւն էր, որովհետեւ մէկ կողմէ կը գոհացնէր Արցախի ժողովուրդին ձգտումը` Ազրպէյճանէն անկախ ապրելու, նաեւ այդ նպատակին իրականացումը կը դնէր օրուան քաղաքական իրավիճակի փաստերուն վրայ, միւս կողմէ այդ կամքի դրսեւորումը իրականութիւն կը դարձնէր Խորհրդային միութեան օրուան օրէնքներու տառին ու ոգիին համապատասխան», իր խօսքին մէջ հաստատեց Մանոյեան` նշելով, որ այս օրը, տօնական ըլլալով հանդերձ, պատմական է:

Մանոյեանին համաձայն, սեպտեմբեր 2-ի որոշումը մարտավարական  քայլ էր: «Ինչպէս Արցախի մէջ պիտի ըսէին` Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան միջազգային ճանաչումը  Հայաստանի հետ վերամիաւորման ամէնէն կարճ ճամբան է: Այս ճամբուն վրայ անհրաժեշտ կը նկատենք Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններուն միջեւ ռազմաքաղաքական համագործակցութեան պայմանագիրի ստորագրութիւնը: Պայմանագիր, որ պատրաստուած է 2016-ի ապրիլեան քառօրեայ կռիւներէն ետք», շեշտեց Մանոյեան:

Ան դիտել տուաւ,  որ Արցախի սահմանները ճշդելու ատեն պէտք է առաջնորդուիլ պատմական իրաւունքի եւ Արցախի ու Հայաստանի անվտանգութեան իրական աշխարհագրական տարածքային երաշխիքներու սկզբունքով: «Բանակցային գործընթացին մէջ պէտք է առաջնորդուիլ Արցախի ժողովուրդին 1991 թուականի անկախութեան եւ 2006 ու 2017 թուականներու Լեռնային Ղարաբաղի Սահմանադրութեան ընդունման եւ փոփոխութիւններու համաժողովրդական հանրաքուէներով արդէն իսկ կայացած կամքի արտայայտութեամբ», նկատել տուաւ ան, ապա անգամ մը եւս յայտարարեց, որ Դաշնակցութիւնը կը շարունակէ Լեռնային Ղարաբաղի ճանաչման հարցի հետապնդումը:

Խօսելով զիջումներուն մասին` Մանոյեան անգամ մը եւս լուսարձակի տակ առաւ ՀՅԴ-ին դիրքորոշումը: «Դաշնակցութիւնը դէմ է միակողմանի զիջումներուն, փոխադարձ զիջումները կրնան ըլլալ միայն համարժէք, միաժամանակեայ եւ փաթեթային լուծման շրջանակներուն մէջ, ՀՅԴ-ն կողմնակից է Հայաստանի կողմէ Արցախի անկախութեան ճանաչման անհրաժեշտութիւնը` բանակցային գործընթացի ձախողութեան կամ Ազրպէյճանի կողմէ զինուորական յարձակման պարագային», դիտել տուաւ ան:

Ապա ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանի կնքահայրութեամբ տեղի ունեցաւ 114 նորագիրներու մուտքը` Դաշնակցութեան շարքերը:

Այնուհետեւ ազգային, յեղափոխական երգերով ներկաները շարունակեցին տօնել Արցախի անկախութեան 26-ամեակը:

 

Նախորդը

«Հակառակորդի Ռազմաքաղաքական Մարտավարութիւնն Ու Մեր Կատարելիքները» Նիւթով Խորհրդաժողով

Յաջորդը

Նախագահ Սահակեան. «Յառաջադէմ Աշխարհը Վաղ Թէ Ուշ Պիտի Ճանչնայ Արցախի Ժողովուրդին Արդարացի Եւ Օրինական Որոշումը»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.