Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան 30 օգոստոսին ընդունած է «Մէկ ազատ աշխարհ» միջազգային հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Մաժիտ Շաֆին եւ Քանատայի խորհրդարանի ստորին պալատի Պահպանողական կուսակցութեան երեսփոխաններ Ռաքել Հարտըրը եւ Թոնի Քլեմընտը: Պատուիրակութեան կ՛ընկերակցէր Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի մէջ Արցախի մնայուն ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեան:
Ողջունելով հիւրերը, խորհրդարանի նախագահը Արցախի եւ Հայաստանի համար կարեւոր նկատած է Քանատայի հետ կապերը` նկատի ունենալով այդ երկրին մէջ հայկական համայնքի ներկայութիւնը: Աշոտ Ղուլեան յոյս յայտնած է, որ այցելութիւններու ծիրին մէջ պատուիրակութեան անդամները պիտի կարենան Արցախի ու անոր ժողովուրդին մասին լիարժէք պատկերացում կազմել:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար` պատուիրակութեան ղեկավար Մաժիտ Շաֆի նշած է, որ Արցախը ազատութեան ու պայքարի օրինակ է, եւ իր կազմակերպութեան անունով պատրաստակամութիւն յայտնած է համագործակցելու:
Քանատայի խորհրդարանի անդամներ Թոնի Քլեմընտ ու Ռաքել Հարտըր, որոնք առաջին անգամ ըլլալով կը գտնուէին շրջանին մէջ, կարեւոր նկատած են այս այցելութիւնը` Արցախի պատմութեան ու ներկայ քաղաքական իրավիճակին ծանօթանալու եւ այդ տեղեկութիւնները իրենց գործընկերներուն հետ բաժնեկցելու առումով:
Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են քանատահայ համայնքին հետ փոխադարձ գործակցութեան, խորհրդարանական դիւանագիտութեան եւ շրջանին մէջ տիրող իրադրութեան վերաբերեալ:
Հանդիպումին կը մասնակցէին Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնախումբի նախագահ Արզիկ Մխիթարեան, փոխնախագահ Դաւիթ Մելքումեան, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւոր Կարինէ Աճէմեան եւ Քանատայի Հայ դատի գրասենեակի գործադիր տնօրէն Սեւակ Պալեան:



