Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԴԵՍՊԱՆ ՖՈՐՏ ՆՈՅԵՄԲԵՐԻ ՎԵՐՋԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ԴԱՄԱՍԿՈՍ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱԼՈՒ ՅՈՅՍ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ

October 28, 2011
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ռոպըրթ Ֆորտ

Սուրիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռոպըրթ Ֆորտ յոյս յայտնեց, որ նոյեմբերի վերջաւորութեան Դամասկոս վերադառնայ:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վիքթորիա Նոլընտ նախատեսեց, որ Ֆորտ Դամասկոս վերադառնայ Գոհաբանութեան տօնէն առաջ: Ան նշեց, որ երբ դեսպանը Սուրիա վերադառնայ, կառավարութենէն (սուրիական. «Ա.») կը սպասենք, որ աւելի լաւ կերպով յարգէ Վիեննայի ուխտին նկատմամբ իր յանձնառութիւնը, որպէսզի դեսպանին եւ մեր ամբողջ անձնակազմին ապահովութիւնը լաւ վիճակի մէջ ըլլայ»:

Միւս կողմէ, Քաթարի վարչապետ եւ արտաքին գործոց նախարար շէյխ Համատ պըն Ժասեմ Ալ Թանի, որ չորեքշաբթի օր Դամասկոս այցելած Արաբական լիկայի յանձնախումբը գլխաւորած էր, «Հայաթ» օրաթերթին յայտնեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ քառանդամ յանձնախումբի հանդիպումին մթնոլորտը «դրական եւ բարեկամական» էր` աւելցնելով, որ հանդիպումին ընթացքին համաձայնութիւն գոյացած է կիրակի օր սուրիական կողմին հետ Դամասկոսի կամ Տոհայի մէջ այլ հանդիպում մը ունենալու:

Ան ըսաւ, որ «մենք` արաբական յանձնախումբի անդամներս, ուրախ ենք Ասատի հետ մեր հանդիպումով»` աւելցնելով, որ «հանդիպումը երկար ու անկեղծ էր, եւ բարեկամական մթնոլորտի մէջ ընթացաւ»:

Շէյխ Համատ նշեց, որ հանդիպումին ընթացքին արաբական նախաձեռնութեան բոլոր կէտերը քննարկուած են «ամենայն դրականութեամբ եւ անկեղծութեամբ, եւ սուրիական կառավարութեան կողմէ այս հարցը լուծելու համար արաբական յանձնախումբին հետ գործակցելու նախանձախնդրութիւն գտանք»` աւելցնելով, որ բանակցութիւնները երկրորդ հանդիպումի մը ընթացքին շարունակելու համաձայնութիւնը գոյացած է սուրիական կողմին առաջարկին հիմամբ: «Գոյութիւն ունին հարցեր, որոնք սուրիական կողմը կ՛ուզէ աւելի լաւ սերտել, եւ մեզի ներկայացուց գաղափարներ, զորս մենք կ՛ուզենք սերտել», ըսաւ Քաթարի վարչապետը` աւելցնելով, որ «գոյութիւն ունին կէտեր, որոնց շուրջ ընդհանուր առմամբ համաձայնութիւն գոյացաւ, ինչպէս նաեւ կէտեր, զորս սուրիական կողմը խնդրեց յառաջիկայ մէկ-երկու օրուան ընթացքին սուրիական կառոյցներու մէջ սերտել»:

Քաթարի վարչապետը նշեց, որ «կարեւորը այն է, որ Սուրիոյ մէջ որեւէ կողմէ զոհեր չըլլան, փոխադարձ կռիւը դադրի, միտքը խօսի եւ սուրիացի եղբայրներուն միջեւ երկխօսութիւն սկսի»` աւելցնելով, որ ներկայ հանգրուանը արմատական բարեփոխումներու կը կարօտի եւ ոչ թէ ձեւական:

 

Նախորդը

ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՅԱՅՏԱՐԱՐԷ. ԵՐԿՐԱՇԱՐԺԷՆ ՎՆԱՍՈՒԱԾՆԵՐՈՒՆ ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԹՈՒՐՔԻԱ – ԻՍՐԱՅԷԼ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՅ ՊԻՏԻ ՉԱԶԴԵՆ

Յաջորդը

«ՄԵՐ ՄՕՏ ՂՈՒԼԱՄ ՇԱՔՈՒՐԻ ԱՆՈՒՆԸ ԿՐՈՂ 150 ԱՆՀԱՏ ԿԱՅ» Կ՛ԸՍԷ ՍԱԼԵՀԻ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.