Թրքական «Տէյլի Սապահ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ ամերիկեան ղեկավարութեամբ միջազգային դաշինքի Սուրիոյ Մընպեժի քաղաքին մօտ շրջող ուժերուն եւ Թուրքիոյ աջակցութիւնը վայելող Սուրիական ազատ բանակի զինեալներուն միջեւ հրացանաձգութիւն տեղի ունեցած է: Այս մասին երեքշաբթի օր յայտնած է Միջազգային դաշինքի բանբեր գնդապետ Ռայըն Տիլըն:
«Մեր ուժերը կրակոցի թիրախ դարձան եւ հակադարձեցին, ապա հեռացան դէպի ապահով վայր մը», ըսած է ան:
«Դաշինքը Թուրքիոյ յայտնեց, որ իր աջակցութիւնը վայելող ըմբոստներուն ըսէ, թէ ամերիկեան ղեկավարութեամբ դաշնակից ուժերուն վրայ կրակ բանալը անընդունելի է», նշեց Տիլըն:



