Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էնտրիւ Շոֆըր Պաշտօնապէս Ստանձնած Է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Ամերիկացի Համանախագահի Պաշտօնը

August 30, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամերիկացի դիւանագէտ Էնտրիւ Շոֆըր պաշտօնապէս ստանձնած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահի պաշտօնը: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին կ՛ըսուի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Հետըր Նոուըրթի յայտարարութեան մէջ:

Նոուըրթի յայտարարութեան մէջ կը նշուի եւրոպական ու միջազգային կազմակերպութիւններուն մէջ աշխատելու Շոֆըրի մեծ փորձառութիւնը: Նախքան Մինսքի խմբակի համանախագահի պաշտօնին նշանակուիլը, ան վարած է միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ Միացեալ Նահանգներու առաքելութիւններու ժամանակաւոր հաւատարմատարի պաշտօնը (Վիեննա):

Օգոստոս 2015-էն մինչեւ յունուար 2017 ան եղած է առաքելութեան ղեկավարի տեղակալը: Օգոստոս 2014-էն օգոստոս 2015 ան Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան մէջ աշխատած է իբրեւ խորհրդական: 2011-2014 թուականներուն Շոֆըր վարած է Կիպրոսի մէջ Միացեալ Նահանգներու փոխդեսպանի պաշտօնը: Աշխատած է նաեւ Քուէյթի, Պահրէյնի եւ Ռուսիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատուներուն մէջ:

Ուաշինկթընի մէջ ան աշխատած է արտաքին գործոց նախարարութեան Իրաքի բաժանմունքին մէջ, եղած է արտաքին գործոց նախարարի քաղաքական հարցերով տեղակալի օգնականը:

«Միացեալ Նահանգներ կը շարունակեն հաւատարիմ մնալ Մինսքի խմբակի հոլովոյթին` կողմերուն օգնելու Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի մնայուն ու խաղաղ լուծման հասնելու: Ինչպէս կը նշուէր 19 յունիսի եւ 6 յուլիսի յայտարարութիւններուն մէջ` Միացեալ Նահանգներ կ՛աջակցին խնդիրի արդար լուծման, որ պէտք է հիմնուած ըլլայ միջազգային օրէնքին վրայ, ինչ որ կը ներառէ Հելսինքեան եզրափակիչ հռչակագիրը` ուժ չկիրարկելու, տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնորոշման սկզբունքներուն մասին: Էնտրիւ Շոֆըր կ՛ակնկալէ կողմերուն աջակցիլ այս նպատակին հասնելու», կ՛ըսուի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի բանբերի յայտարարութեան մէջ:

Ան նաեւ յայտնած է, որ Շոֆըրի պաշտօնը ստանձնելու մասին պաշտօնապէս տեղեակ պահուած են Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի կառավարութիւնները:

 

Նախորդը

Իսրայէլի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը Արգիլած Է «Օրպիթըր» Անօդաչու Թռչող Սարքերու Մատակարարումը Ազրպէյճանին

Յաջորդը

Վարչապետ Կարապետեան Քննարկած Է Կառուցապատման Մարզի Խնդիրներու Լուծման Առնչուող Հարցեր

RelatedPosts

Սահմանազատման Յաջորդ Փուլը Կրնայ Կատարուիլ Սիւնիքի` «Թրամփի Ուղի»-ի Հատուածին Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Սահմանազատման Յաջորդ Փուլը Կրնայ Կատարուիլ Սիւնիքի` «Թրամփի Ուղի»-ի Հատուածին Մէջ

November 4, 2026
Լաւրով. «Մոսկուան Յոյս Ունի,  Որ «3+3» Ձեւաչափի Հանդիպումը  Մօտիկ Ապագային Տեղի Կ՛ունենայ»
Հայկական

Լաւրով. «Մոսկուան Յոյս Ունի, Որ «3+3» Ձեւաչափի Հանդիպումը Մօտիկ Ապագային Տեղի Կ՛ունենայ»

November 4, 2026
Մասատիքով. «ՀԱՊԿ-ն Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի  Միջեւ Համապարփակ Խաղաղ Համաձայնագիրի  Շուտափոյթ Կնքման Յոյս Ունի»
Հայկական

Մասատիքով. «ՀԱՊԿ-ն Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Համապարփակ Խաղաղ Համաձայնագիրի Շուտափոյթ Կնքման Յոյս Ունի»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.