«Վանայ ձայն» երէկ «Քըլ եաում պեաումու» յայտագիրին ընթացքին հիւրընկալեց լիբանանեան բանակի մասնայատուկ ուժերու հանգստեան կոչուած գնդապետ-զօրավար Շամել Ռուքոզը, որ շեշտեց, թէ առեւանգուած բանակայիններուն նահատակութիւնը իսկական ողբերգութիւն մըն է, եւ անոնց ընտանիքներուն իրաւունքն է սպասել «Տի. Էն. Էյ.»-ի քննութեան արդիւնքներուն ու իրենց զաւակներուն նահատակութեան պաշտօնական գոյժին, ապա ցաւակցութիւն ընդունիլ:
Ռուքոզ շեշտեց, որ 2014-ին բանակին դէմ ահաբեկիչներուն գործած յարձակումին ընթացքին բանակայիններու առեւանգումը կատարուած էր` աւելցնելով, որ բանակը կարողութիւնը ունէր իր զինուորները ազատելու, «սակայն բանակի հրամանատարութեան կողմէ արձակուած զինադադարի հրահանգը առիթ տուաւ, որ ահաբեկիչները առեւանգուած բանակայինները փոխադրեն Արսալի բարձունքները», ըսաւ ան:
Ռուքոզ ընդգծեց, որ իր կարծիքով` մեծ թիւով բանակայիններ կրնային չնահատակուիլ, եթէ բանակը շարունակէր իր գործողութիւնները, «եւ ամէն պարագայի, երբ առեւանգուած զինուորներ կան, զինադադարը մերժելի է մինչեւ բանակայինները փրկելը, յատկապէս անոնք, որոնք Արսալի մէջ կը գտնուէին», աւելցուց ան:
Բանակին կորովին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ռուքոզ շեշտեց, որ բանակին կորովը կը տկարանայ ոչ թէ երբ ահաբեկչութեան դէմ կամ թշնամիին դէմ կը կռուի, այլ` երբ ան կարողութիւն ունի կռուելու եւ իր առեւանգեալները ազատելու, սակայն ստիպուած կ՛ըլլայ ենթարկուելու զինք այդ կռիւէն եւ սուրբ գործէն ետ մղող զինադադարի որոշումին:
Ռուքոզ անհրաժեշտ նկատեց, որ բանակայիններու առեւանգումին եւ զինադադարի մանրամասնութիւններուն մասին հետաքննութիւն բացուի: «Կը պահանջեմ, որ բանակայիններուն հարցով հետաքննութիւն կատարուի, եւ պատասխանատուները հաշուետուութեան կանչուին` ապագային նման սխալները կանխարգիլելու համար: Բանակին պատմութեան մէջ այսպիսի բան չէ պատահած, հետեւաբար պէտք է յստակօրէն բացատրուի, թէ օրին բանակը ինչո՞ւ այդքան սխալ կերպով դիրքաւորուած էր: Ինչո՞ւ զինադադար յայտարարուեցաւ: Ո՞վ էր այդ որոշումը տուողը: Ո՞վ էր բանակին ու լիբանանցիներուն կորովը քանդողը», ըսաւ ան:
Ռուքոզ յայտնեց, որ բոլոր լիբանանցիները նեցուկ կը կանգնին բանակին, եւ անոնց իրաւունքն է գիտնալ եւ պատիւը ունին գիտնալու, թէ ո՞վ պատասխանատու է 2014-ին յայտարարուած զինադադարին:
Ան նշեց, որ ներկայիս կան հանրապետութեան նախագահին կողմէ տրուած քաղաքական ներքին որոշում եւ միջազգային ձեռնտու պայմաններ` նկատի ունենալով Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի կրած ջախջախիչ պարտութիւնները:
«Արսալի եւ Ռաս Պաալպեքի բարձունքներու ազատագրման ճակատամարտերը կը վայելէին հանրապետութեան նախագահին եւ կառավարութեան հովանաւորութիւնը, ինչպէս նաեւ գործադրուեցան բանակի հրամանատարին հրահանգով: Բանակին մղած պատերազմին դէմ ոչ ոք տոկաց, բանակը օգտագործեց զինուորական արհեստագիտութիւնն ու արդիական սարքերը` փաստելով իր կարողութիւնը, իսկ բանակայիններուն ճակատագիրին մասին գիտնալէ ետք բանակը շարունակեց իր ճակատամարտը եւ տեղակայուեցաւ բարձունքներուն վրայ:
Բանակն է, որ սահմանները գծեց եւ առաջին անգամ ըլլալով կը հսկէ Լիբանան-Սուրիա սահմանագօտիին: Բանակը յաղթեց` իրականացնելով իր զոյգ նպատակները, իսկ բանակին կողմէ յարձակումը կասեցնելու միակ պատճառը առեւանգուած բանակայիններու ճակատագիրին բացայայտումն էր, այլապէս ՏԱՀԵՇ-ականները դէպի Սուրիա պիտի փախչէին:
Այո՛, բանակը առանձին կռուեցաւ լիբանանեան հողերուն վրայ, սակայն բոլորը գիտեն, որ սահմանամերձ շրջաններուն մէջ մղուած որեւէ պատերազմի պարագային զինուորական նուազագոյն գործակցութիւնը կ՛արձանագրուի, եւ լիբանանեան բանակը սուրիական բանակին եւ Դիմադրութեան մարտիկներուն հետ գործակցեցաւ: Բանակը յաղթեց: Պէտք է հպարտանալ այդ յաղթանակով: Փա՛ռք նահատակներուն, եզրափակեց Ռուքոզ:



